Էտիպ Իսհագ
Էտիպ Իսհագ, զաւակն էր Օսմանեան արհաւիրքի օրերուն Էրզրումէն Դամասկոս գաղթած հայ ընտանիքի մը։ 21 Յունուար 1856-ին Դամասկոսի մէջ աշխարհ կու գայ Իսհագ։ Նախնական կրթութիւնը ստանալու համար կը ղրկուի Լազարիստներու վարժարանը։
Էտիպ Իսհագ | |
---|---|
Ծնած է | 1856 |
Ծննդավայր | Դամասկոս |
Քաղաքացիութիւն | Սուրիացի |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Կարողութիւն | Գրելու ձիրք |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծուհի |
Ինչպէս բոլոր տաղանդները, Իսհագ իր պատանեկութեան շրջանին իսկ ցոյց կու տայ մտաւորական արտակարգ կարողութիւն։ Հազիւ 8-10 տարեկան, շարունակ իր դասարանին առաջինը կը հանդիսանայ, մրցանակներ կը ստանայ եւ միշտ կը գրաւէ առաջին դիրքը իր վարժարանին։ Իր խօսելու եւ գրելու ձեւէն ուսուցիչը կը կռահէ թէ պատանի Իսհագի մէջ թաքնուած գանձ մը կայ եւ յաճախ այդ մասին կը խօսի ծնողքին[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։