Էտուառ Պէյազեան
Էտուառ Պէյազեան (8 Փետրուար 1873, Սկիւտար - 1915) փոխ-տնօրէն, քննիչ:
| |
Ծնած է | 8 Փետրուար 1873 |
Ծննդավայր | Սկիւտար |
Մահացած է | 1915 |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՊէրպէրեանի սան: Դեղագործութեան վկայական ստացած 1893-ին: Յետոյ շերամաբուծութիւն սորվելով փոխժտնօրէն կարգուած Պրուսայի Վարչութեան: Պաշտօնով քանիցս ուղեւորած Իզմիր, Ատանա, Խարբերդ, Մալաթիա, Արաբկիր եւ այդ առթիւ շերամաբուծական բանախօսութիւններ ըրած, նաեւ գործօն դեր մը կատարած իր պատկանած Դաշնակց. Կուսակցութեան մէջ։ Գանձապետ «Աշխատանքի Տան»: Երբեմն կը գրէր «Ազատամարտ»ի մէջ.- Մօրաքեռորդի Տօքթ. Վ. Թորգոմեանի:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յուշարձան Տասնըմէկ Ապրիլ 1919, էջ 35: