Ընդհատուած Մանկութիւն

Ընդհատուած մանկութիւն (անգլ.՝ Broken Childhood), 2013-ի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի նկարահանած ժապաւէնը Ղարաբաղեան ազատամարտի մասին[1][2]։

Ընդհատուած Մանկութիւն
Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան
Գրագէտ Կարինէ Խոդիկեան
Հիմնուած 2013
Գլխաւոր դերեր Գրետա Մեջլումեան եւ Վրոյր Յարութիւնեան
Արտադրող
ընկերութիւններ
MARTIK FOUNDATION
Տեւողութիւն
46 վայրկեան
Լեզու հայերէն եւ ազրպէյճաներէն

2013-ին ժապաւէնը ներկայացուած է Ոսկէ ծիրան ժապաւէնի փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» ծրագրին[3][4] եւ Քաննի 66-րդ միջազգային շուկային[5]:

ժապաւէնի մասին Խմբագրել

Ընդհատուած մանկութիւն ժապաւէնը կը պատմէ ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին Մարաղայի մէջ ազրպէյճանցիներու իրականացուցած ջարդերուն եւ փոքրիկ Լենային մասին, որ 129 օր ապրելով ազրպէյճանցի կնոջ մը տունը, կը վերադարձուի հայկական կողմին:

6-ամեայ Լենային բանտէն կը տանին Ֆաթիմա Խալայի տուն, որպէսզի ան Լենային փոխանակի ռազմաճակատին կորած իր որդիին հետ: Ժամանակի ընթացքին վախն ու թշնամանքը կը վերածուին փոխադարձ կարեկցանքի. չորս ամիս ետք Ֆաթիման աղջկան կը վերադարձնէ ընտանիքին` փոխանակելով իրեն անծանօթ ազրպէյճանցի զինուորին դիակին հետ:

Լենային յուշերուն մէջ Ֆաթիման մինչեւ օրս կը սպասէ իր որդուն[6]:

Դերեր Խմբագրել

  • Գրետա Մեջլումեան
  • Ալլա Սահակեան
  • Վրոյր Յարութիւնեան
  • Յովհաննէս Թեքկէօզեան
  • Բաբգէն Չոպանեան

Մրցանակներ Խմբագրել

Նկարահանող խումբ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Արցախեան պատերազմին գերեվարուած աղջկայ մասին «Ընդհատուած մանկութիւն» ֆիլմը Հոկտեմբերին կը յայտնուի մեծ էկրանին»։ armenpress.am։ արտագրուած է՝ 2016-12-18 
  2. ««Ընդհատուած մանկութիւն». ֆիլմ ազրպէյճանցի կնոջ եւ հայ աղջնակի մասին - Հետք - Լուրեր, օդուածներ, հետաքննութիւններ»։ արտագրուած է՝ 2016-12-18 
  3. «Ընդհատուած մանկութիւն»։ www.gaiff.am։ արտագրուած է՝ 2016-12-18 [permanent dead link]
  4. «Հայկական համայնապատկեր»։ www.gaiff.am։ արտագրուած է՝ 2016-12-18 [permanent dead link]
  5. «Ջիւան Աւետիսեանի «Ընդհատուած մանկութիւն» ֆիլմի ցուցադրութիւնը` ՆԱՄ-ի մէջ»։ HARTAK.am։ արտագրուած է՝ 2016-12-18 [permanent dead link]
  6. One Studio։ «Ընդհատուած մանկութիւն. Ջիւան Աւետիսեանի ֆիլմը»։ www.yerkir.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-26-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-18