Թագուհի Աւագեան
Աւագեան Թագուհի, երգչուհի (քօնդրալդօ), ծնած Զմիւռնիա:
Թագուհի Աւագեան |
---|
Մանուկ հասակէն ծնողքին հետ գացած է Ամերիկա: Ձայնին քաղցրութեան եւ երգելու ընդունակութեան շրնորհիւ, յաճախ հրաւիրուած է երգելու ազգային եւ բարեսիրական հաւաքոյթներու մէջ, ուրկէ խրախուսուած՝ սկսած է հետեւիլ երաժշտական դասընթացքներու: Երեք տարի աշակերտած է բրոֆ. տ’Արիտին, ի Պրիճֆորթ, երկու տարի ալ բրոֆ. տիկին Տէյվիս Հաուլիի:
Ամերիկեան թերթերը գովեստով խօսած են իր ձայնին ազդուութեան եւ տպաւորութեան մասին: Յ. Մեհարապեան «Հանրագիտակ Տարեգիրք»ին մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Անոր (Տիկին Թ. Աւագեանի) ձայնը թաւշային կակուղ քօնդրալդօ է. ցած եւ միջին ձայները լեցուն են եւ թաւ: Կ’երգէ մտածուած եւ զգացմունքով»:
Մինչեւ 1925 Տիկին Աւագեան երգած է առ հասարակ անգլերէն եւ իտալերէն կտորներ:
1925-ին Պրուքլի կը հաստատուի եւ աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայ ազգային եւ ժողովրդական երգերուն:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 320: