Թիմկատ քաղաքը շինուած է հռոմէացիներուն կողմէ Ալճերիոյ հիւսիս արեւելքը, Օրեսի լեռներուն միջեւ, Պաթնա քաղաքէն 35 քմ դէպի արեւելք[1]։

Բնակավայր
Թիմկատ
Երկիր  Ալճերիա
 Ֆրանսա
Տարածութիւն 90,54 հեկտար
Ժամային գօտի UTC+1
Անուանում
Խմբագրել

Քաղաքին ամբողջական անուանումը եղած է Քոլոնիա Մարսիանա Ուլփիա Տրայանա Տամուկատի (Colonia Marciana Ulpia Traiana Thamugadi.)։ Տրայանոս քաղաքը անուանած է իր մօր՝ Մարսիային, մեծ քրոջ Ուլփիա Մարսիանային եւ հօր Մարքուս Ուլփիուս Տրայանոսի յիշատակին։

Հիմնադրութիւն
Խմբագրել

Հիմնուած է 100 թուականին, Տրայանոս կայսեր կողմէ, հսկելու համար լեռներէն իջնող բնիկ ցեղախումբերը, նշանաւոր պէրպէրները: Սկիզբը քաղաքը ունէր 367 մեթրով 329 մեթր քառանկիւնի ձեւ: Յաղթութեան կամարը, Ֆորում հրապարակը, մեծ ջերմային լոգարանները եւ 3500 հանդիսատեսներով թատրոնը փաստ մըն էին Թիմկատի սքանչելի գեղեցկութեան[2]:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Քաղաքը կը գտնուի վեց ճամբաներու խաչմերուկին։

Եղած է պարսպապատուած։

Սկիզբը նախատեսուած էր շուրջ 15 հազար բնակչութեան համար, բայց արագօրէն ընդարձակուած է։

Հիմնադրման ատեն քաղաքը շրջապատող տարածքը գիւղատնտեսական հողատարածք եղած է, ծովու մակերեւոյթէն շուրջ 1000 մեթր բարձրութեան վրայ։

Քաղաքին արեւմտեան մասին ծայրը կը բարձրանայ 12 մ բարձրութիւն ունեցող յաղթակամար մը, որ կը կոչուի Տրայանոսի կամար։ Վերջինս մասնակիօրէն վերականգնած է 1900-ին։ Կամարը գլխաւորաբար պատրաստուած է աւազաքարէ: Ծանօթ է նաեւ իբրեւ Թիմկատի կամար։

3500 հոգինոց թատրոնը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ կ'օգտագործուի ժամանակակից արարողութիւններու համար։ Միւս հիմնական շէնքերը կը ներկայացնեն չորս բաղնիքներ, գրադարան եւ պազիլիք։

Քաղաքին արեւելքը կը գտնուի մեծ բիւզանդական միջնաբերդ մը, որ կառուցուած է քաղաքին վերջին օրերուն։

Արաբական ներխուժումը Թիմկատի վերջնական աւերման պատճառ կը դառնայ։ Քաղաքը կը փճացուի Ք. Ե. Զ. դարուն, պէրպէրներուն կողմէ:

Ը. դարէն ետք, քաղաքը կը դառնայ անբնակ:

Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկ
Խմբագրել

Թիմկատ 1982-ին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել