Թիֆլիսի Հայ Տրամա

Թիֆլիսի հայ տրաման ստեղծուած է 1921 թուականին։Առաջին տարիներուն թատրոնին դերասանական եւ բեմադրական կազմը անընդհատ կը փոխուէր եւ այդ իսկ պատճառով ներկայացումներուն ոճը զգալիօրէն կը տարբերէր մէկը միւսէն, ինչը միասնական ոճի ներկայացումներ ստեղծելուն արգելք կը հանդիսանար։ 1930-ական թուականներուն թատրոնը կը գտնուէր դժուար վիճակի մէջ, քանի որ թոյլ ներկայացումները կը վանէին հանդիսատեսը։ 1932-1933 թատերաշրջանին կը վերականգնուին Արշակ Բուրջալեանի կարգ մը բեմադրութիւնները՝ «Դատավճիռ», «Արիւնոտ Անապատ», «Անմեղ Մեղաւորները»։ Նոր բեմադրութիւններ կը պատրաստեն նաեւ Ստեփան Քափանակեանը եւ Ալեքսանտր Աբարեանը, սակայն թատրոնի կեանքին մէջ ոչինչ կը փոխուէր։

1936 թուականի Մարտ 29-ին «Շահնամէ» ներկայացումով կը բացուի Թիֆլիսի հայ տրամայի նոր շէնքը Հաւլաբար թաղամասին մէջ։ Նոր բեմադրութիւնները զգալիօրէն կը բարձրացնեն թատրոնին հեղինակութիւնը։ Այդ աշխատանքին մէջ մեծ էր Ալեքսանտր Աբարեանի դերը։ 1937-1940 թուականներուն ան կը բեմադրէ շարք մը թատերական ներկայացումներ՝ «Քանդած Օճախ», «Թոնդրակեցիներ», «Թշնամիներ»։ Բազմաթիւ յաջող բեմադրութիւններով հանդէս կու գայ նաեւ Ֆերտինանտ Բժիկեանը։ Թատրոն կը հրաւիրուի նաեւ Լեւոն Քալանթարը[1]:

Թատրոնի բեմադրիչներ Խմբագրել

Թատրոնի բեմադրուած ներկայացումները Խմբագրել

  • Դ. Գրադովի եւ Վ. Օռլովի «Հռոմի Պապ»
  • Ա. Զինոեւի «Բամպակ»
  • Գ. Գուարիկի եւ Պ. Գուրովի «Պուլկարիան Կրակէ Օղակներում»
  • Կ. Գորբունովի «Սառցահալ»
  • «Իզրայիլ»
  • «Երկու որբ»
  • «Միմոս»
  • «Տրիլբի»
  • «Ովկիանոսից Այն Կողմ»
  • «Անյայտ Կինը»
  • «Ապահարզանի Անակնկալները»
  • Դատավճիռ»
  • «Արիւնոտ Անապատ»
  • «Անմեղ Մեղաւորները»
  • «Շահնամէ», (1936 թ)
  • Ն. Պոգոդինի «Արիստոկրատներ»
  • Ալեքսանտր Կորնեյչուկի «Պլատոն Կրեչետ»
  • «Ամպրոպ»
  • Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պեպօ»
  • «Քանդած Օճախ»
  • «Թոնդրակեցիներ»
  • «Թշնամիներ»

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Հայ սովետական թատրոնի պատմութիւն։ Երեւան: ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Հրատարակչութիւն։ 1967