Թորոս Զիֆլեան

(Վերայղուած է Թորոս Զիլֆեան-էն)

Զիֆլեան Թորոս (1951,Իսթանպուլ), Սփիւռքահայ գրող:

Յաճախած է Գարակէօզեան, Նիկոսիոյ Մելքոնեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Աշակերտած է Արսէն Ճանեանի, Հայկազուն Գալուստեանի, Վարդան Կոմիկեանի եւ Արեգ Տիրազանի։ 1968-ին հաստատուած է Սիտնի։

Սփիւռքահայ գրող Թորոս Զիֆլեան կը մշակէ մաքուր եւ վճիտ լեզուով գրականութիւն։ Սփիւռքի ներկայ կացութիւնը յուզող բազում հարցերու կողքին՝ Թորոս Զիֆլեանի գործերուն մէջ ներկայ է Հայոց Եղեռնը։ Այս տխուր իրողութեան վկայութիւնն է իր վերջին գիրքին մաս կազմող «Մարեմանօթը» խորագրեալ պատմուածքը, որ կը յատկանշուի իր յուզական խորքով, ինչպէս նաեւ՝ հայ եւ թուրք ազգերու միջեւ գոյացած դարաւոր ատելութեամբ[1]։

Գործերէն

Խմբագրել

*Անզէն Հերոսներ (պատմուածքներ)- Սիտնի, 1988

*Վերապրողներու Պարահանդէս (պատմուածքներ), Սիտնի, 2000

*Խօսքկապ (պատմուածքներ), Սիտնի 2000

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Թորոս Զիֆլեանի մասին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-20