Արեգ Տիրազան (Օննիկ (Յովհաննէս) Պասմաճեան, 1902, Կոստանդնուպոլիս - 1987, Փարիզ), հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ, տնօրէն եւ դասախօս:

Արեգ Տիրազան
Ծնած է 1902
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 1987
Մահուան վայր Փարիզ
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

1920-ական տարեներէն մինչեւ 1950-ական թուականներ Պոլսոյ վարժարաններուն ու 1956-1975 Լիբանանի, Հալէպի[1] եւ Կիպրոսի երկրորդական հաստատութեանց մէջ, հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ՝ Արեգ Տիրազան կրթական-դաստիարակչական մշակի մեծարելի վաստակ մը ունի։

Նոյն ժամանակաշրջանին մէջ, կը հրատարակուին նաեւ գրական իր ստեղծագործութիւնները՝ արձակ բանաստեղծութիւններ, եւ վիպերգութիւններ․ անոնց որակի բծախնդրութիւնը ակնբախ է արուեստի չափանիշով։

Իր Գործերը Խմբագրել

Սկզբնական իր գործերը հրատարակուած են 1920-1950 երեսնամեակի ընթացքին պոլսահայ թերթերու մէջ կամ անջատ հատորով․

  • «Արիւն եւ Ծաղիկներ» (վիպակ, 1929),
  • «Լռութեան Հմայքը» (արձակ էջեր, 1920-1930, թերթերու մէջ),
  • «Երրորդի Ստուերով» (վիպագրութիւն, 1955),
  • 1979-ին՝ «Փորձի Կաւ» լայնաշունչ վէպը, որ յուշագրութեան ձեւի տակ պատմութիւնն է տարբեր բարեխառնութեամբ երեք տիպարներու։

Յիշատակուած իր գործերէն անկախ, ունի անտիպ աշխատասիրութիւններ.

  • «Պատմութիւն արեւմտահայ գրականութեան չորս շրջաններուն»,
  • «Ռուբէն Որբերեան՝ կարօտի բանաստեղծը»,
  • «Յակոբ Օշականի վէպին արտայայտութեան եղանակը»,
  • «Գործնական նամականի եւ նամակագրական բանաձեւեր»,
  • «Խեղաթիւրումներ» ուսումնասիրութեան հայ ուղղագրութեան մասին[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Պոլսահայ մտաւորականներ հալէպահայ կրթական կեանքին մէջ - Darperag21»։ darperag21.net (en-US)։ 2024-03-20։ արտագրուած է՝ 2024-04-24 
  2. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։

Աղբիւրներ Խմբագրել