Թութակ Հայկազեան
«Թութակ հայկազեան», հայկական բարոյախօսական, բանասիրական եւ ուսումնական ամսաթերթ։ Լոյս տեսած է Զմիւռնիոյ մէջ, 1854-1855 թուականներուն։ Հրատարակած են Մեսրոպեան վարժարանի սաները՝ մանկավարժ Ա. Փափազեանի հովանաւորութեամբ ու քաջալերանքով։ Աշակերտ- խմբագիրները, դպրոցի սաներն ու ուսուցիչները տպագրած են գրական ստեղծագործութիւններ, բանասիրական նիւթեր, թարգմանութիւններ, զրոյցներ, հեքիաթներ, զուարճալիքներ։ Նիւթերը հիմնականին աշխարհաբար են, բանաստեղծութիւնները՝ մեծ մասամբ գրաբար։ Հայ մանկական մամուլի առաջնեկներէն է[1][2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի մենաստանին մամուլին շտեմարանը- ԹՈՒԹԱԿ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-26
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»
Գրականութիւն
Խմբագրել- Հանրագիտակ, «Մշակոյթի աշխարհ», ՀԳՄ հրատարակչութիւն, 2007, 195-րդ էջ