Թուիսթ (անգլ․՝ Twist) 1960-ական թուականներու միջազգային համբաւի արժանացած պար (թուիսթ՝  ոլոր)։

Թուիսթ պարը․  նկար՝ Պերլին 1964 Մայիսին

Պատմական

Խմբագրել
 
Չապի Չեքըր․ 1964

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Թուիսթ կամ «խենթ/անզուսպ պար»ը նորոյթ կը դառնայ եւ համաշխարհային համբաւի կ՛ արժանանայ, երբ Չապի Չեքըր Chubby Checker 6 Օգոստոս 1960-ին, հեռատեսիլի ժողովրդային «Տիք Քլարք Շոու» Dick Clark Show ցուցարձակումէն առաջին անգամ կ՛ երգէ «Թը Թուիսթ» (The Twist) երգը [1]։

Թուիսթը ազդուած է 1950-ական թուականներու «ռոք էնտ ռոլ»ի կշռոյթէն, խենթացնելով մեծ ու պզտիկ, ըլլայ Ամերիկայի մէջ՝ ուր կը ծնի, ըլլայ մնացեալ աշխարհին չորս ծագերուն։

Այս նոր երաժշտական հոսանքին անմիջապէս կը հետեւին հանրածանօթ երաժիշտներ, ինչպէս օրինակ՝ Սամ Քուք («Թուիսթին թը նայթ ուէյ» Twistin’ The Night Away)[2], Կարի Աս Պոնց («Թուիսթ» Twist), Պիթլս («Թուիսթ էնտ շաութ» Twist and Shout)Պիթլս, Թուիսթ էնտ շաութ՝ նախապէս երգուած Այսլի Պրաթըրսներէն Isley Brothers, եւ շատ ուրիշներ։

 
Թուիսթ պարի մրցոյթ․ Ամսթերտամ, 27-2-1962

Պարի ստեղծած խանդավառութեան առընթեր, ուղղամարմնութեան բժիշկներ կը նախազգուշացնէին եւ կը խրատէին թէ ի՞նչ ձեւով մէկը կրնայ խուսափիլ թուիսթ պարի պատճառով յառաջացած վտանգներէն, արկածներէն․․․։

Թուիսթ պարին գլխաւոր դերակատարը ազդրերուն թաւալումն է, իսկ զոյգերը պարելու ժամանակ իրարու չեն շփուիր։

Թուիսթին հայրը

Խմբագրել

Թուիսթին հայրը կը համարուի Հանք Պալարտ (1927-2003)։  Ան իր «Թը Միտնայթըրս» The Midnighters  նուագախումբին հետ առաջին անգամ կը գործածէ «թուիսթ» եզրը երգի մը մէջ, երբ կը նկատէ թէ մարդիկ կը սկսին պարել իրենց ազդրերը շարժելով․  «Թը Թուիսթ» երգը (1959), արտադրուած «Քինկ Ռեքորց» King Records ընկերութենէն [3]։ Այդ նոյն երգն է որ 8 Օգոստոս 1960-ին հրապարակ կ՛ ելլէ հազիւ 19 տարեկան Չապի Չեքըրին կողմէ եւ պարը համաշխարհային նորոյթ կը դառնայ։

1962-ին Չապի Չեքըր կը մասնակցի «Լեց թուիսթ էկէյն» Let's Twist Again ժապաւէնին երգելով համանուն երգը, որ յաջողութեան շրջադարձ մըն է [4]։

 
Թուիսթ պարի մրցոյթ․ Ամսթերտամ, 27-2-1962

Թուիսթը Եւրոպայի մէջ

Խմբագրել

Թուիսթը Եւրոպա կը տարածուի կայծակի արագութեամբ եւ բազմաթիւ «թուիսթ» երգեր մեծ յաջողութիւն կ՛ արձանագրեն երբ կ՛ երգուին ֆրանսերէն եւ իտալերէն լեզուներով․ «Սէն Թռոփէ Թուիսթ» St. Tropez Twist (Փեփինօ տի Քափրի) [5], «Թուիսթ ա Սէն Թրոփէ» Twist à Saint Tropez (Լէ Շա Սովաժ Les Chats Sauvages)[6] եւ «Վիան տանսէ լիօ թուիսթ» Viens danser le twist Ճոնի Հոլիտէյ որ ֆրանսերէնի կը թարգմանէ Չապի Չեքըրի «Լեց թուիսթ էկէյն» երգը [7], եւայլն[8]։

Յունաստանի մէջ «թուիսթ» երգեր կը թարգմանուին, 1960-ական թուականներու արտադրուած ժապաւէններուն մեծ մասը անպայման «թուիսթ» պար ու երգեր կը ներառնեն[9]։

[10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Թը Թուիսթ, Չապի Չեքըր https://www.youtube.com/watch?v=im9XuJJXylw
  2. Թուիսթին թը նայթ ուէյ, Սամ Քուք
  3. Թը Թուիսթ,  Հանք Պալարտ - Թը Միտնայթըրս
  4. Չապի Չեքըր․ կը մասնակցի «Լեց թուիսթ էկէյն» ժապաւէնին  
  5. Սէն Թռոփէ Թուիսթ - Փեփինօ տի Քափրի
  6. Թուիսթ ա Սէն Թրոփէ, Լէ Շա Սովաժ
  7. </ Ճոնի Հոլիտէյ - Լեց թուիսթ էկէյն
  8. </ Թուիսթ, թուիսթ, թուիսթ – Էվա Փիլարովա
  9. Երասիմոս Լիվանոս․ Թուիսթ թուիսթ թուիսթ<ref>, <ref>«Սիրտի զարկեր դասարանին մէջ» ժապաւէն, «պարէ թուիսթ», Ալիքի Վույուքլաքի
  10. Թուիսթ․ երբ երկրագունդը սկսաւ ոլորուիլ(յունարէն)
  11. Թուիսթին կենթութիւնը - երաժշտութիւն, պար, եւայլն(յունարէն)
  12. Թուիսթ․ պարին պատմութիւնը որ խենթացուց մեծ ու պզտիկ(յունարէն)
  13. Թուիսթին խենթութիւնը եւ Չապի Չեքըր(յունարէն)
  14. Տարբեր պատահարներ, տարբեր դերակատարներով, 9-6-2015
  15. Սէն թրոփէ թուիսթ, բառերը եւ թարգմանութիւնները (յունարէն)
  16. Թուիսթ(յունարէն)
  17. Թուիսթ․ պարը որ յատկանշեց 1960-ի տասնամեակը եւ նաեւ վտանգաւոր նկատուեցաւ(յունարէն)