Ժապէր Իպն Հայյան
Ապու Ապտալլահ Ժապէր իպն Հայյան Ալ-ազդի ալ-Սուֆի (արաբերէն՝ جابر بن حيان) արաբ քիմիագէտ, բժիշկ, դեղագործ, թուաբանագէտ եւ աստղագէտ։
Ժապէր Իպն Հայյան արաբերէն՝ جابر بن حيّان بن عبد الله الكوفي الأزدي[1] | |
---|---|
| |
Ծնած է | 721[2] |
Ծննդավայր | Թուս, Իրան |
Մահացած է | 815[2] |
Մահուան վայր | ալ-Քուֆա, Իրաք |
Կրօնք | Իսլամութիւն[3] եւ Շիա Իսլամ[4][5][6] |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Book of the Composition of Alchemy? |
Մասնագիտութիւն | աստղագէտ, փիլիսոփայ, թուաբանագէտ, բժիշկ, ալքիմիկոս, Խորագէտ, դեղագործ |
Ծնած է Տուս քաղաքին մէջ, ծագումով Եմէնցի դեղագործ Հայան ալ-Ազդիի ընտանիքին մէջ։
Միջնադարեան Եւրոպայի մէջ ծանօթ է լատիներէն Կեպեր (Geber) անունով։ Ժապէր իպն Հայյան Էվկլիտեսի «Սկզբունքներ»ուն եւ Պտղոմէոսի «Ալմագեստի»ն շուրջ մեկնաբանութիւններ ըրած է[7]։
Հեղինակն է «Գիրք աստղաբուծարանի կառուցման մասին», «Նուրբ զիջ», «Գիրք լուսատուներու դիրքին մասին» եւ «Գիրք հայելիներու մասին» գործերուն։ Իբրեւ նշանաւոր բժիշկ, ան գրած է «Թոյներու եւ հակաթոյներու գիրքը» եւ «Գթութեան գիրքը»[8]։
Ալքիմիա
ԽմբագրելԿ'ենթադրուի, որ Ժապէր իպն Հայյան իր անունով մակագարած հարիւրաւոր քիմիական գործերէն ընդամէնը քանի մը գործերու հեղինակ է։ Այս գործերուն մէջ քիմիագիտութիւնը կը հետեւի Արիստոտէլի գաղափարներու չորս տարրերու յատկանիշներուն՝ ջերմութեան, ցուրտին, խոնաւութեան եւ չորութեան։ Այդ գործերէն շատերը կը կրէին տեսական կամ առեղծուածային բնոյթ, իսկ միւսները կը ներկայացնէին տարրալուծական փորձերու մանրամասն նկարագրութիւնները։ Ժապէրի գործերը մեծ ազդեցութիւն ունին ինչպէս արաբական, այնպէս ալ արեւմտաեւրոպական քիմիագիտութեան մէջ։
Ժապէր իպն Հայյանի գործերուն մէջ աւելի հետաքրքրական է «Եօթանասուններու գիրքը», որ 70 գլուխներէ բաղկացած աստուածաբանական, քաղաքական եւ բնագիտական տարբեր հարցերու շուրջ հանրագիտարան է։ Ան «Եօթանասուններու գիրքերու» վերջին գլուխներուն մէջ մետաղներու եւ հանքանիւթերու շուրջ տեղեկութիւններ կու տայ։
Բնութեան մէջ հանդիպող բազմազան նիւթերէն Ժապերին ուշադրութեան կ'արժանանան եօթ մետաղները, ինչպէս նաեւ հանքանիւթերը։ Ժապէր չի բաւարարուիր չորս տարրական նիւթերուն յատկութիւններով, բնութագրելու համար յատկապէս՝ մետաղներու այնպիսի առանձնայատկութիւնները, ինչպէս՝ դիւրավառութիւնը, դիւրագրգռութիւնը եւ մետաղական փայլը։ Հետեւաբար, Ժապէր կ'առաջարկէ սնդիկի, ծծումբ մետաղներու ծագման տեսութիւն, ուր կը ներկայացնէ իբրեւ մետաղներու երկու բաղադրիչ՝ մետաղականութեան սկզբունքի (փիլիսոփայական սնդիկ) եւ այրման սկզբունքի (փիլիսոփայական ծծումբ) հասկացողութիւնները։ Անոր կողմէ ծծումբը կը համարուի իբրեւ այրման սկզբունք, իսկ սնդիկը՝ մետաղականութեան։ Ժապերի ուսմունքներուն համաձայն, չոր գոլորշիները գետնին խտացնելով կը ստացուի ծծումբ, իսկ խոնաւներունը՝ սնդիկ։ Ծծումբը եւ սնդիկը տարբեր ձեւերով ձուլելով կը ստանան յայտնի մետաղներ։ Ոսկին իբրեւ ամէնէն կատարեալ մետաղ կը յառաջանայ միայն այն պարագային, եթէ ամբողջովին մաքուր ծծումբը եւ սնդիկը վերցուին աւելի բարենպաստ յարաբերակցութեամբ։ Ըստ Ժապերի երկիրի վրայ ոսկիի եւ այլ մետաղներու ձեւաւորումը տեղի կ'ունենան դանդաղ եւ աստիճանաբար։ Ոսկիի «հասունացումը» կարելի է արագացնել որոշ «դեղամիջոցի» կամ «փիլիսոփայական քարի» օգնութեամբ, որ կը յանգեցնէ մետաղներու սնդիկի ու ծծումբի յարաբերակցութեան փոփոխութեան եւ վերջիններուս ոսկիի եւ արծաթի վերափոխման։
Ժապեր Հայյան նկարագրած է նաեւ տարբեր քիմիական գործողութիւններ (թորում, լուծարում, բիւրեղացում եւ այլն) եւ որոշ քիմիական պատրաստուկներ: Ան շարադրած է նաեւ քացախաթթուի եւ սպիտակ կապարի ստացման եղանակները։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ https://books.google.com.sa/books?id=-61BAAAAYAAJ&pg=PA365&dq=%22%D8%AC%D8%A7%D8%A8%D8%B1+%D8%A8%D9%86+%D8%AD%D9%8A%D8%A7%D9%86+%D8%A7%D9%84%D9%83%D9%88%D9%81%D9%8A%22&hl=en&sa=X&ved=2ahUKEwjhoLOP4vb4AhWZQvEDHYzXA-o4ChDoAXoECAcQAg#v=onepage&q=%22%D8%AC%D8%A7%D8%A8%D8%B1%20%D8%A8%D9%86%20%D8%AD%D9%8A%D8%A7%D9%86%20%D8%A7%D9%84%D9%83%D9%88%D9%81%D9%8A%22&f=false
- ↑ 2,0 2,1 Trove — 2009.
- ↑ https://alfehrest.org/2006318.5/scholars/4
- ↑ http://shiaonlinelibrary.com/%D8%A7%D9%84%D9%83%D8%AA%D8%A8/3639_%D8%A3%D8%B9%D9%8A%D8%A7%D9%86-%D8%A7%D9%84%D8%B4%D9%8A%D8%B9%D8%A9-%D8%A7%D9%84%D8%B3%D9%8A%D8%AF-%D9%85%D8%AD%D8%B3%D9%86-%D8%A7%D9%84%D8%A3%D9%85%D9%8A%D9%86-%D8%AC-%D9%A4/%D8%A7%D9%84%D8%B5%D9%81%D8%AD%D8%A9_28
- ↑ https://ar.al-shia.org/%D8%AC%D8%A7%D8%A8%D8%B1-%D8%A8%D9%86-%D8%AD%D9%8A%D8%A7%D9%86-%D8%A7%D9%84%D8%B7%D8%B1%D8%B3%D9%88%D8%B3%D9%8A/
- ↑ https://alrasd.net/arabic/844
- ↑ Արաբ քիմիագէտը
- ↑ Ապու Ապտալլահ Ժապէր իպն Հայյան Ալ-ազդի ալ-Սուֆի