Ժպիտի Համաշխարհային Օր

Ժպիտի Համաշխարհային Օրը (անգլ.՝ World Smile Day) կը նշուի ամէն տարի, Հոկտեմբեր ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը: Ժպիտի համաշխարհային օրը Հարվի Պէյլի մտայղացումն  է, որ արուեստագէտ էր Որքեսթրէն, Մասաչուսեց։ 1963-ին ՀարվիՊէյլի կողմէն յայտնուած է հանրայայտ ժպտացող դէմքը[1]: 1999-ին նկարիչի նախաձեռնութեամբ աշխարհի մէջ առաջին անգամ նշուեցաւ ժպիտի համաշխարհային օրը, որմէ ետք այն  կը նշուի ամէն տարի: Պէյլլը երջանիկ էր, այնպէս ինչպէս ստեղծագործ մարդը կրնար երջանիկ ըլլալ, քանի որ ան կը հասկնար, որ իր ստեղծագործութիւնները  երկար կը պահպանուին: Իր հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ նկարիչը ըսած է. «Մարդկային պատմութեան եւ արուեստի մէջ  դեռ չէր եղած այդպիսի աշխատանք, որ տարածուելով կը բերէր այդքան ուրախութիւն, երջանկութիւն ու հաճոյք: Ոչինչ եղած է այդքան հասարակ՝ բայց հասանելի բոլորին»[2]:

Ժպիտի Համաշխարհային Օր

Տեսակ Միջազգային օր

Հարվի Պէյլի ժպիտի համաշխարհային հիմնադրամ

Խմբագրել

2001-ին` Հարվի Պէյլի մահէն ետք, ի պատիւ անոր յիշատակին հետեւեալ կարգախօսով` «բարի գործ ըրէ, օգնիր գոնէ, որ ժպիտ մը յայտնուի» հիմնուեցաւ Հարվի Պէյլի Ժպիտի համաշխարհային հիմնադրամը: Հիմնադրամը կը շարունակէ մնալ Ժպիտի օրուան՝ իբրեւ պաշտօնական հովանաւոր:

Նպատակը

Խմբագրել

Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ անոնց նպատակն է, «որքան հնարաւոր է շատ մարդոց իրազեկել ժպիտի համաշխարհային օրուան մասին` օգտագործելով ընկերային լրատուամիջոցները, խրախուսելով ժպտալ եւ բարութիւն տարածել աշխարհին մէջ»:

Ժպիտի համաշխարհային օրուան միջոցառումներ

Խմբագրել

Ժպիտի համաշխարհային օրը կը շարունակուի նշուիլ ամէն տարի Որքեսթրի մէջ` օդապարիկներով, մայթերուն կաւիճներով նկարելով եւ իհարկէ աշխարհի ամէնամեծ մարդկային ժպտացող դէմքով: Բացի այդ, ժպիտի համաշխարհային օրը նշուելով աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ՝ անհատները, դպրոցները, ձեռնարկութիւնները եւ կազմակերպութիւնները կը փորձեն աշխարհը աւելի լաւ դարձնել սնունդ բաժնելով, տեսահոլովակներ նկարելով եւ այլն:

Ժպիտիկի ստեղծման պատմութիւն

Խմբագրել

Առաջին ժպիտիկը ամրացուած է կապոցներուն, այսինքն, պատրաստուած նմուշի ձեւով եւ կը տրէր ընկերութիւններու աշխատակիցներուն եւ յաճախորդներուն: Անկէ ետք Ժպիտիկները մեծ յաջողութեան հասան: Անոնք դուր եկան յաճախորդներուն, իսկ ամերիկեան ապահովագրական ընկերութիւն մըն ալ անկէ աւելի քան 10 հազար օրինակ պատուիրեց: Ժպիտիկը առաւել յայտնի դարձաւ 1970-ականներու սկիզբները երկու սպանացի եղբայրներու շնորհիւ, որոնք այն թողարկեցին հետեւեալ կարգախօսով` «Ձեզ լաւ օր կը մաղթենք»: Նման կարգախօսով ժպիտիկը անմիջապէս հիթ դարձաւ, այն յայտնուեցաւ պաստառներու, բացիկներու, վերնաշապիկներու եւ պէյսպոլի գլխարկներու վրայ, մէկ խօսքով այն ամէնի, ինչը որ կրնար արագ վաճառուիլ: Բնականաբար, ոչոք կը մտածէր հեղինակային իրաւունքի օրէնքի մասին, իսկ ԱՄՆ-ի փոստային ծառայութիւնը նոյնիսկ Պէյլի ժպիտով խորհրդանշաններ թողարկեց: Ժպիտիկը 1971-ին ֆրանսացի գործարար Ֆրանքլին Լուֆրանիի կողմէ գրանցուած ապրանքանիշ է, որ այժմ կ՚օգտագործուի աւելի քան 80 երկիրներու մէջ:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Welcome to the World Smile Day® Website»։ www.worldsmileday.com։ արտագրուած է՝ 2019-10-07 
  2. «Всемирный день улыбки»։ Calend.ru։ արտագրուած է՝ 2019-10-07