Իսաղոկի (Յունարէն՝ Εἰσαγωγή) կամ «Ներածութիւն», նաեւ ծանօթ է «Ներածութիւն Պորփիւրի» կամ «Ներածութիւն Ստորոգութեանցն Արիստոտէլի» անունով։ Գրուած է ազգութեամբ Արամեացի (Սրեանի բայցն դեռ ոչ Քրիստոնեայ) Պորփիւր Տիւրոսեցիի (Սուր, صور Քաղաքը) գրիչով Սիցիլիոյ մէջ, այդ ժամանակուան գերիշխող Յունարէնով։ Անոր մահուընէն ետք, մէկ հազարամեակ շարունակ եղած է Տրամաբանութեան դասական դասագիրք։ Այս աշխատութիւնը կը բովանդակէ չափազանց ազդեցիկ դասակարգային կարգաւորում մը «Ցեղ»ին եւ «Տեսակ»-ին (կենսաբանական), սկսած ընդհանուր արմամբ «Նիւթ»-էն, հասնելով «Անհատ»-ին, «Պորփիւրեան Ծառ» անունով այս ներածումը կը յիշատակէ «Ընդհանրականներու» խնդիրները (Բնազանցութեան կամ Մեթաֆիզիքայի մէջ «Ընդհանրականներն» այն բաներն են որոնք հասարակ-հայտարար ունին, կամ կրկնուող ենթականեր են, որոնք կրնան դրսեւորուիլ  շատ մասնաւոր բաներով):


Պոէտիոսի Լատիներէն թարգմանութիւնը միջնադարուն Եւրոպական դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ դարձաւ դասական դասագիրք, ճանապարհ յարթելով միջնադարեան փիլիսոփայա-Աստուածաբանական զարգացումներու՝ տրամաբանութեան եւ «Ընդհանրականներու խնդիրներուն» հետ կապուած։ Բազում գրողներ, ներառիալ Պոէտիոսը, Աւերոսը (Իպ-Րուշտը, ابن رشد) Եօհանէս Տունս Սքօթը, Փիեր Ապելարտը եւ այլք մեկնաբանած են այս գիրքը։ Այլք՝ ինչպէս Ուիլլիամ Օքքամեցին ներառած են զայն իրենց տրամաբանութեան դասագիրքերուն մէջ։

Մեր՝ Հայոց մեծ փիլիսոփան՝ Դաւիթ Անյաղթը անիկա վերլուծած է իր «Վերլուծութիւն ներածութեանն Պորփիւրի» գիրքին մէջ։

Տարբերակներ

Խմբագրել
 
Պատկեր : Իսաղոկիի Հունայն Իպն-Իսհակ Ալ Իպատիի ձեռագիրէն։
 
Իսաղոկիին Արաբերէն Թարգմանութիւն մագաղաթ։

Ամէնահին Լատիներեն Թարգմանութիւնը, որն այլեւս գոյութիևն չունի, կատարուած էր Մարիոս Վիքթօրնիոսի կողմէն, չորորդ դարին, որուն վրայ Պոէտիոսը ծանրապէս ապաւինած է, իր թարգմանութիւնը ըրած ատեն։ Իսկ Ասորերէնի (Սրիաներէն նաև Արամերէն եւ ոչ թէ հին Ասորէստաներէն) առաջին թարգմանութիւնը կատարուած է եօթերորդ դարուն Ասորի ուղափառ Առաքելական եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Աթանասիոս Պալատեցիի կողմէն։ Վաղ Հայերէն թարգմանութիւն մըն ալ գոյութիւն ունի։[1]

Ներածութիւնը կամ Իսաղոկին Արաբերէի թարգմանուեցաւ Իպն Ուլ-Մուքֆֆաի գրիջով, իր Ասորերէն (Սրիանի) տարբերակէն։ Իր Արաբերէնացուած անուան տակ Իսաղոճին (إيساغوجي) երկար ժամանակ հանդիսացաւ դասական սկզնաւորական բնաբան մը Իսլամական աշխարհին մէջ, ու մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Աստուածաբանութեան, Փիլիսոփայութեան, Քերականութեան, եւ օրէնսգիտութեան ուսման վրայ։ Բացի այս աշխատանքին յարմարացումներէն եւ համառօտութիւններէն, Մուսուլման փիլիսոփաներու տրամաբանութեան մասին կատարած շատ մը անկախ աշխատութիւններ կրած են նոյն Իսաղոճի

σῠμβεβηκός(إيساغوجي) անունը։ Պորփիւրի կամ ինչպէս Արաբերէն զայն կ'անուանէն Ֆէրֆերիոսի

(فرفوريوس) «Դիպուած»-ի (Լատ․՝ Accidentia Յուն․՝ συμβεβηκός) քննութիւնը, «Դիպուած»-ի եւ «Էութեան» վերաբերող երկարաձիգ բանավէճ մը բռնկեց։[2]

Ստորոգելիները

Խմբագրել

Ստորոգելիները (Լատ․՝ praedicabilis, Այն բաները որոնք կարող են հաստատուիլ կամ կանխատեսուիլ, ատեններ կը կոչուին՝ «Հինգ բառեր»), դասական (Արիստոտէլեան) տրամաբանութեան մէջ գործածուող եզրոյթ է, զորս կը գործածուի հնարաւոր յարաբերութիւններու Դասաւորումին, ու Ստորոգելին անոր ենթական կրնայ հադնիսանալ։ Միջնադարեան վարժապետերու կողմէ դրուած, եւ ընդհանուր արմամբ արդի տրամաբաններու կողմէ որդեգրուած ցանկը հիմնուած է Արիստոտէլի բուն քառածալք դասաւորումին վրայ՝ Սահմանում (όρος՝ Հորօս) Ցեղ (γένος՝կինոս) Բնայատկութիւն (ῐ̓́δῐον՝ Իտիոն) Դիպուած (σῠμβεβηκός՝ Սամպէպէքոս)։ Դասական-Արիստոտէլեան դասաւորումը Իսաղոկիի մեզ հասած Պոէտիոսի տարբերակին մէջ փոփոխուած է՝ «Տարբերական»-ն (διαφορά՝ Տիաֆորա) ու «Տեսակ»-ը (εἶδος՝ Էիտոս) փոխարինած են «Սահմանում»-ին (όρος՝ Հորօս)։

Պորփիւրեան Ծառը

Խմբագրել

Միջնադարեան դասագիրքերուն մէջ, ամէնակարեւորը համարւող «Պորփիւրեան Ծառը» կը լուսաբանէ անոր «նիւթին» տրամաբանական սահմանումը։ Մինչ օրս, Դասաբանութիւնը կ’օգտուի Պորփիւր-ի ծառի սկզբունքներէն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Porphyry, Introduction (or Isagoge) to the logical Categories ofAristotle. Preface to the online edition» 
  2. Encyclopedia Iranica, "Araz" (accident)