Պորփիւր Տիւրոսեցի
Պորփիւր Տիւրոսեցի (Լիբանանի այժմու Սուր քաղաքը) (յուն․՝ Πορφύριος, Porphýrios; արաբերէն՝ فرفوريوس, Furfūriyūs, կամ Պորփիւր Փիւնիկեցի։ Իսկական անունը՝ Մալխօ, 233[1], Սուր, Syria Phoenice, Հռոմէական Կայսրութիւն - 301[1], Հռոմ, Հռոմէական Կայսրութիւն[1]), փիլիսոփայ եւ տրամաբան, նորպղատոնականութեան ներկայացուցիչ, Պղատոնի աշակերտը, ծագումով ասորի։ Փիլիսոփայական աշխատութիւններու մեծագոյն մասը նուիրուած է Պղատոնի տրամախօսութիւններուն, Արիստոտելի տրամաբանական գրուածքներուն եւ Պղատոնի հայեացքներուն մատչելի վերաշարադրումին։ Ազգութեամբ Արամեացի (Սրեանի բայց դեռ ոչ Քրիստոնեայ, Սրեանիները կամ քրիստոնեայ Արամեացիներն են, նաեւ Մարոնիները՝ Սրեանի Սուրբ Մարոնի հետեւորդներ, հայերէնով անոնց, Հին Ասորեստանցիներուն եւ այլոց կը կոչենք Ասորի)։
Հեղինակ է բազմաթիւ փիլիսոփայական աշխատութիւններու, որոնցմէ լայն տարածում ստացած է «Արիստոտելի «Ստորոգութիւններու» ներածութիւնը» կամ պարզապէս «Ներածութիւն»։ Արդէն հին ատեններ այդ երկը թարգմանուած էր ասորերէնի, լատիներէնի եւ հայերէնի (հայերէն թարգմանութիւնը կատարուած է 480-490 թթ.))[2]։ Պորփիւրի երկը քննուած է Դաւիթ Անյաղթի կողմէ՝ «Պորփիւրի» «Ներածութեան» վերլուծութիւնը» աշխատութեան մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Deutsche Nationalbibliothek Record #118595873 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ Դավիթ Անհաղթ, Երկեր, Երեւան, 1980, էջ 312։