Լեարդաթորշումը, (cirrhosis) լեարդի ամբողջական եւ վերջնական սպիացումն ու փճացումն է[1]:

Ախտապատճառներ

Խմբագրել

Լեարդաթորշումը բազմաթիւ լեարդային երկարատեւ հիւանդութիւններու վերջին փուլն է: Տեղի կ'ունենայ շատ դանդաղ եւ թաքուն ձեւով: Լեարդաթորշումով լեարդի արիւնով մատակարարումը կը նուազի եւ լեարդի գործունէութիւնը կը ձախողի, մասնաւորապէս սննդանիւթերու, ներծորոյթներու եւ բնասպիտի արտադրութիւնը կը խանգարուի կամ ալ կը նուազի:

Լեարդաթորշումի կարեւորագոյն ախտապատճառներն են`

  • Լեարդի ժահրային հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս` լեարդաբորբի A, B, C խմբաւորումները: Լեարդաթորշումի հիմնական պատճառը լեարդաբորբի C խմբաւորումն է:
  • Ալքոլամոլութիւն. չափազանց ալքոլի գործածութիւնը լեարդը կը մատնէ դժուարութեան եւ ան չի կրնար բնական ձեւով կատարել իր դերակատարութիւնը: Լեարդի բջիջները կը փճանան կամ կ'այլափոխուին եւ տեղի կ'ունենայ ճարպի կուտակում եւ մնայուն լեարդաբորբ, որ պատճառ կը դառնայ կանխահաս սպիացումի, ապա` լեարդաթորշումի:
  • Ծինային հիւանդութիւններ. անբնական ծիներու ներգործութեամբ կը յառաջանան լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս` երկաթագունախտ (hemochromatosis) եւ Ուիլսըն-ի հիւանդութիւն, որոնք ընդհանրապէս կը յայտնուին շատ կանուխ` մանկութեան շրջանին կամ աւելի ուշ:
  • Վարակամերժութեան (Immunity) համակարգի խախտում, որուն պատճառով լեարդը կ'ենթարկուի կրկնովի բորբոքումներու եւ սպիացումի:
  • Որոշ դեղերու եւ ճարտարարուեստական թոյներու ենթակայութիւն:
  • Լեարդի խլիրդներ, որոնք ընդհանրապէս մարմինի այլ օրկաններէ լեարդ փոխակայուած (metastasized) կ'ըլլան:
  • Գիրութիւն:
  • Շաքարախտ:
  • Մաղձածորանի (bile duct) խցում, որուն պատճառով մաղձ չի հասնիր բարակ աղիքներուն:
  • Սիրտի աշխատանքի կրկնովի կաթուած (heart failure):
  • Լեարդի պարկային բնաթելացում (cystic fibrosis):

Լեարդաթորշումի ախտանշաններն են`

  • ախորժակի նուազում,
  • յոգնածութիւն,
  • ֆիզիքական ընդհանուր տկարութիւն,
  • ծանրութեան կորուստ,
  • դեղնախտ,
  • քերուըտուք,
  • սրունքներու եւ փորի  ջրակուտակում (ascitis),
  • մէզի գոյնի փոփոխութիւն`սրճագոյն մէզ,
  • շփոթութիւն,
  • կեդրոնացումի նուազում,
  • արիւնոտ կղկղանք,
  • մորթային կապտաբիծեր (bruises),
  • ջերմութիւն:

Լեարդաթորշումի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին՝

  • բժշկական ընդհանուր քննութիւն,
  • լեարդի գործունէութեան արեան զանազան տեսակի քննութիւններ,
  • մէզի քննութիւն,
  • լեարդի համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan),
  • լեարդի անդրձայնային նկարում (ultrasound):

Լեարդաթորշումէ տառապող անհատը կ'ունենայ շատ մը բարդութիւններ, օրինակ`

  • լայնցած երակներու արիւնահոսութիւն,
  • փորի ջրակալում,
  • շաքարախտի զարգացում,
  • մորթային զարկերկային արիւնահոսում,
  • մորթային կապտաբիծերու յայտնաբերում,
  • կանխահաս դաշտանադադար,
  • մկանային տկարութիւն,
  • երիկամի աշխատանքի խանգարում եւ դադարում,
  • արեան թթուածինի նուազում,
  • լեարդային ուղեղատապ,
  • մահաքուն եւ մահ:

Լեարդաթորշումը հիմնական դարման չունի: Սակայն կան որոշ միջոցառումներ, որոնք կը դանդաղեցնեն անոր յառաջխաղացքը: Այս միջոցառումներէն կարելի է յիշել հետեւեալները.

  • ալքոլ չգործածել,
  • աղի գործածութիւնը նուազեցնել,
  • յոգնեցուցիչ աշխատանքէ հրաժարիլ,
  • գործածել քորթիզոն (cortisone), հակաժահրային եւ միզամղիչ դեղեր:

Լեարդաթորշումը կարելի է կանխարգիլել` հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

  • Ալքոլ բնաւ չգործածել,
  • Լեարդի բորբոքումներ չունենալ,
  • Ենթակայ չըլլալ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշի (AIDS) եւ մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահրին (HIV),
  • Չունենալ անպաշտպան սեռային յարաբերութիւն` կասկածելի անձերու հետ,
  • Հեռու մնալ քիմիական նիւթերէ, թոյներէ եւ միջատասպան դեղերէ,
  • Պատուաստուիլ լեարդաբորբ A եւ B խմբաւորումներու դէմ,
  • Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի. ուտել առատ պտուղ եւ բանջարեղէն, ճարպ շատ չսպառել,
  • Չգիրնալ,
  • Օրինաւոր մարզանքի հետեւիլ:

Լեարդաբորբի A եւ B խմբաւորումները կանխարգիլելի են յատուկ պատուաստներով: Լեարդաբորբի C  խմբաւորումը պատուաստ չունի[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել