Լեւոն Պալեան
Լեւոն Նիկողոս Պալեան (Լեւոն Պէյ Պալեան, 29 օգոստոս 1855, Կոստանդնուպոլիս - 11 Դեկտեմբեր 1925, Փարիզ), հայ ճարտարապետ։ Նիկողոս Պալեանի որդին։
Լեւոն Պալեան | |
---|---|
Հայ ճարտարապետ | |
Ծնած է | 1855-ին |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս |
Ազգութիւն | հայ |
Գործունէութիւն | Ճարտարապետ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԼեւոն Պալեանը ծնած է Կոստանդնուպոլիս։ Աւարտած է Փարիզի կերպարուեստի բարձրագոյն պետական դպրոցի ճարտարապետական բաժինը։ Աւարտելէն ետք, վերադարձած է Կ.Պոլիս եւ աշխատակցած է իր հօրեղբօր՝ Սարգիս Պալեանին։
Անոր ունեցած արուեստը նոր երեւոյթ էր 18-19-րդ դարերու Թուրքիոյ գեղարուեստական կեանքին մէջ։ Հիմնուելով բիւզանդական ճարտարապետութեան, Սինանի կառուցողական նորարարութիւններուն եւ հայկական ճարտարապետական աւանդներուն վրայ, նաեւ ուսումնասիրելով արեւմտեան ճարտարապետութեան մէջ յառաջացած ոճերը, ստեղծած է տեղական գեղագիտական պահանջքէն թելադրուած կառոյցներ[1][2]։
Տես նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱրտաքին Յղումներ
ԽմբագրելՊալեան ընտանիք էջը Ուիքիպահեստին մէջ |