Լէօ Ֆենտըր (անգլերէն՝ Leo Fender, ամբողջական անունը՝ Քլարենս Լէօնիտաս Ֆենտըր), (10 Օգոստոս 1909- 21 Մարտ 1991), ամերիկացի գիւտարար եւ «Ֆենտըր» ընկերութեան հիմնադիրը, այժմ ծանօթ «Fender Musical Instruments Corporation» անունով, աւելի ուշ հիմնած է «Music Man» եւ «G&L Musical Products»ը[4]։

Լէօ Ֆենտըր
անգլերէն՝ Leo Fender
Ծնած է 10 Օգոստոս 1909(1909-08-10)[1][2][3]
Ծննդավայր Անահայմ, Օրէյնճ Քաունթի, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 21 Մարտ 1991(1991-03-21)[1][2][3] (81 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆուլերթոն, Օրէյնճ Քաունթի, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Fullerton Union High School?
Մասնագիտութիւն guitar maker, երաժշտական գործիք շինող, գործարար, գիւտարար, ջութակ ստեղծող

1950-ականներուն իր ստեղծած կիթառները եւ պաս կիթառները հանրաճանաչ դարձած են երաժշտութեան աշխարհին մէջ։

Հետաքրքրական երեւոյթ

Խմբագրել

«Ֆենտըր» կիթառները հնարողը կիթառ նուագել չէր գիտեր:

Լէօ Ֆէնտըրի այս գիւտը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Ի. դարու երաժշտութեան զարգացման վրայ: Անոր վաճառանիշը աշխարհի ամէնէն ծանօթ անուններէն մէկը դարձած է: Սակայն հակառակ անոր որ Լէօ Ֆենտըր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին աշխատած է երաժշտութեան գործիքներուն աշխարհի մէջ, ան բնաւ չէ սորված կիթառ նուագել[5]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին հղումներ

Խմբագրել