Կիթառ, լարային երաժշտական գործիք, աշխարհի ամենատարածուած գործիքներէն մին։ Առաջին կիթառները յայտնուած են, դեռեւս, Ք․ա․ 2-րդ հազարամեակին։ Կիթառի զարգացման կեդրոնը եղած է միջնադարեան Սպանիան, ուր կիթառը հասած է Հին Հռոմէն։ 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն սպանական կիթառի արտաքին տեսքը եւ հնչողութիւնը փոփոխութիւններու ենթարկուած են ու նոր ձեւի կիթառը ստացած է դասական անուանում։ 20-րդ դարուն կը ստեղծուի ելեկտրական կիթառը, որ լայնօրէն կը գործածուի երիտասարդական երաժշտական միջավայրէն ներս։

Կիթառ
Տեսակ երաժշտական գործիքի տեսակ?
Որակաւորում plucked necked box lute? եւ long, thin object?
Հորնբոսթել-Զաքսի հանմակարգ 321.322-5-6
Ձայնանմուշ
սիթար
Սպանական կիթառ

Կիթառը, որպէս մենակատար գործիք, կը ներկայանայ պլուզ, ռոք, ֆլամենկօ, քանթրի, երբեմն ալ՝ ճազ ոճերով։ Լայնօրէն կ'օգտագործուի, որպէս նուագակցող գործիք։

Կիթառը ունէ 6 լար՝ մի, լա, րէ, սոլ, սի եւ մի։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մինչեւ ելեկտրական կիթառի զարգացումը եւ արուեստական նիւթերու օգտագործումը, կիթառը սահմանուած էր որպէս գործիք, որ ունէր« երկար, տափակ փայտեայ ձայնատախտակ, կողեր եւ հարթ յետսանաս, յաճախ գոգաւոր մասերով»։ Սոյն սահմանումը կ'օգտագործուի նաեւ տարբեր տեսակի լարային գործիքներ նկարագրելու պարագային, որոնք զարգացած ու օգտագործուած են ամբողջ Եւրոպայի տարածքին, սկսած՝ 12-րդ դարէն եւ աւելի ուշ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ։ Ժամանակակից լարային գործիքները երկար լարերով գործիքներու յետնորդներն են, որոնք մի քանի հազար տարի առաջ կային հնագոյն Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ։ Այդ պատճառաւ, ժամանակակից արեւմտեան լարային գործիքները, ինչպէս կիթառը, ջութակը, քնարը եւ այլն, հեռու կապեր ունին Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հնդկաստանի ժամանակակից գործիքներուն հետ։ 3300-ամեայ խեթական արձանագրութեան մը մէջ, ուր երգիչը կը նուագէ լարային գործիք, լարային գործիքներու ամենահին պատկերումն է։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել