Լիբանան-Սուրիա Սահմանը

Սահմանը Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ շուրջ 375քմ է, ինչ որ գրեթէ կը շրջապատէ Լիբանանը (բացի այդ փոքր բաժնէն, որ սահմանն է Լիբանանի ու Իսրաէլի միջեւ

Սահմանը արեւելք դէպի կը ծագի Միջերկրական Ծովէն, շարունակելով ճամբան Նահր Ալ-Քապիր Ալ-Ժանուպիի հետ։ Սահմանին գիծը ելուստ մը կը կատարէ դուրս չձգելու համար Քարհա եւ Քնէյըս Աքքար քիւղերը Աքքարի շրջանէն հիւսիս-արեւմուտք, արեւմուտքը Սուրիական Հոմսի Լիճին, եւ դարձեալ կը դառնայ դէպի հարաւ-արեւելք, կտրելով Որոնդէս Գետը (33°20′N 35°49′E / 33.34°N 35.81°E / 33.34; 35.81), հասնելով Լիբանանի Արեւելեան Լեռնաշղթան (շուրջ 33°20′N 35°49′E / 33.34°N 35.81°E / 33.34; 35.81)։ Սահմանը յետոյ կը դառնայ դէպի հարաւ-արեւմուտք, հետեւելով Լիբանանեան Արեւելեան Լեռնաշղթան՝ դէպի Շէյխ Լեռը։

Լիբանանի նկարը տիեզերքէն։ Ձնածածկոյթ կարելի է տեսնել երկրի արեւմտեան եւ արեւելեան լեռնաշղթաներուն վրայ։

Սահմանը ճշդուած էր 1920 Ֆրանսական Գաղութատիրութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի համեմատ, բայց Սուրիական միջամտութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքի մէջ, 1970էն ի վէր, ազդած է որպեսզի պաշտօնապէս չճշդուի սահմանը, հակարակ Լիբանանցիներու պնդումին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել