Լիթանի գետը (արաբերէն՝ نهر الليطاني‎), կը գտնուի Լիբանանի Պեքայի դաշտին մէջ:

Լիթանի Գետ
Բնութագիր
Երկայնք 140 քմ
Աւազանի
մակերես
1940 քմ2
Աւազան Միջերկրական Ծով
Տեղակայում
Երկիր Լիբանան

Կը բխի Պաալպեքի արեւմուտքէն, կը թափի Միջերկրական ծով եւ կը նկատուի Լիբանանի ամէնէն մեծ ու երկար գետերէն մէկը: Իր ջրային կարողութիւնը կը հասնի 750 միլիոնի: Քարաուն արհեստական լիճը կառուցուած է Լիթանիի ջրամբարին մօտ` առաւելագոյն չափով օգտուելու համար գետին ընձեռած բարիքներէն: Այս առումով, մնայուն ծրագիրներ կազմուած են ջուրը օգտագործելով ջրելեկտրականութիւն ունենալու եւ ոռոգման ջուր ապահովելու Պեքայի դաշտին եւ հարաւի գիւղերուն համար: Իր ունեցած առաւելութիւնը նախանձելի է յատկապէս Լիբանանի սահմանակից երկիրներուն համար[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել