Լիթուանիա (լիթ.՝ Lietuvos Respublika ), պաշտօնապէս Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն` երկիր մըն է Արեւելեան Եւրոպային մէջ[6]:

Լիթուանիա
Լիթուանիոյ դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Alytus County?, Kaunas County?, Կլայպեդի գավառ?, Marijampolė County?, Պանավեժի կոմսություն?, Šiauliai County?, Տաուրագեսի կոմսություն?, Telšiai County?, Ուտենայի գավառ? եւ Վիլնյուսի կոմսություն?
Պետական լեզու Լիթուաներէն[1]
Մայրաքաղաք Վիլնիւս[2]
Օրէնսդիր մարմին Սէյմ
Երկրի ղեկավար Կիթանաս Նաուսետա
Կառավարութեան ղեկավար Ինկրիտա Շիմոնիթէ
Ազգաբնակչութիւն 2 860 002 մարդ (1 Յունուար 2023)[3]
Օրհներգ Լիտվայի օրհներգ?
Կարգախօս Vienybė težydi
Հիմնադրուած է 11 Մարտ 1990 թ.
Արժոյթ Եւրօ[4]
Ժամային համակարգ UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռաձայնային համակարգ +370
Համացանցի յղում .lt?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,875[5]
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-lt" does not exist։
13-րդ դարէն ետք Լիթուանիոյ տարածքի փոփոխութիւնը

Երկրին մէջ կ'ապրի 3 մլն. մարդ։ Կը գտնուի Պալթեան Ծովու ափին։ Սահմանակից է Լաթվիոյ, Պելառուսին, Ռուսիոյ եւ Լեհաստանին: Տարածքը 65.2 հզր. քմ² է:

Լիթուանիոյ հիմնական բնակիչները լիթուանացիներն են։

Պատմութիւն Խմբագրել

 
Թրաքայի ամրոցը

Առանձին տեղեր պալթեան ցեղերով բնակեցուած ըլլալով 1230-ականներուն Լիթուանիոյ հողերը միաւորուեցան Մինտաուկասին կողմէ, որ թագադրուեցաւ 6 Յուլիս 1253-ին:[7] Անոր սպանութենէն ետք 1263-ին հեթանոսական Լիթուանիան թիրախ կը հանդիսանար թեւթոնական Ասպետներու եւ Լիվոնեան Օրտերի խաչակիրներու արշաւանքներուն համար: Չնայած անոնց տասնամեակներով ըրած աuերումները, Լիթուանիոյ Մեծ Դքսութիւնը արագ ընդլայնեցաւ ներառելով նախկին սլավոնական Քիեւեան Ռուսիոյ իշխանապետութիւնը:

14-րդ դարուն Լիթուանիան Եւրոպայի խոշորագոյն երկիրը եղած է եւ կ'ընդգրկէր ներկայիս Պելարուսը, Ուքրաինան եւ Լեհաստանի ու Ռուսիոյ մասերը: Արեւմուտքի եւ արեւելքի միջեւ աշխարհաքաղաքական դիրքով կ'որոշուէր Լիթուանիոյ Դքսութեան բազմամշակութային եւ բազմադաւանանքային բնոյթը: Ղեկավար վերնախաւը կը ցուցաբերէր կրօնական հանդուրժողականութիւն եւ պաշտօնական փաստաթուղթերուն համար սլավոնական լեզուն կը գործածուէր որպէս լատիներէնի օժանդակ լեզու:
1385-ին Մեծն Դուքս Եոկայլան լեհերուն կողմէ առաջարկուեցաւ դառնալ իրենց թագաւոր: Եոկայլան ձեռնամուխ եղաւ Լիթուանիոյ քրիստոնէացմանը եւ հիմնուեցաւ Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ միասնական կառավարումը: Ան կ'ենթադրէր, որ Եւրոպայի վերջին հեթանոսական տարածք Լիթուանիան պիտի դառնայ քրիստոնէական:
Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ միաւորումը ունեցաւ մեծ միջազգային հետեւանքներ: Իրենց հզօրութեան գագաթնակէտը գտնուող երկու տէրութիւններու միացումը բերաւ համարեայ թէ նոր քաղաքակրթութեան առաջացման: Միութիւնն ստեղծելու անմիջական պատճառը հանդիսացան Թեւտոնական Օրտենի սպառնալիքները: Կային նաեւ այլ պատճառներ. Լեհաստանը, որ հազիւ ուշքի եկած էր մոնկոլներու արշաւանքներէն եւ խուսափած էր Սեւ մահէն, ցանկասիրութեամբ կը նայէր դէպի Արեւելքի հեռաստանները: Լիթուանիան, ուր թերեւս կը կառավարէին հեթանոս տիրակալները, անհանգիստ կը զգար հարեւան Մոսքոուիոյ վերելքէն եւ կը ձգտէր մտնել քրիստոնէական աշխարհ: Սա երկու երկիրները աջակցութիւն կը փնտռէին մէկզմէկու, այնպէս որ Եատվիկայի եւ Եակայլոյի ամուսնութիւնը աւելի քան տեղին եղած էր[8]:

Երկու քաղաքացիական պատերազմներէն ետք Մեծն Վիթաւթասը 1392-ին դարձաւ Լիթուանիոյ Մեծն Դուքս: Անոր իշխանութեան տարիներուն Լիթուանիան հասաւ իր տարածքային նուաճումներու բարձրակէտին, սկսաւ պետականութեան կեդրոնացումը եւ լիթուանական ազնուականութիւնը դարձաւ աւելի ու աւելի պետական քաղաքականութիւն վարող: Վորսքլայ գետի ճակատամարտին, 1399-ին Թոխթամիշի եւ Վիթաւթասի միացեալ ուժերը ջախջախուեցան մոնկոլներու կողմէ: Լիթուանիոյ եւ Լեհաստանի բանակներու սերտ համագործակցութեան շնորհիւ 1410-ին հասան խոշոր յաղթանակի Թեւթոնական Ասպետներու նկատմամբ Կրիւնվալտի ճակատամարտին, որը Միջնադարի Եւրոպային մէջ խոշորագոյններէն մին եղած է:[9][10][11]

Հիւսիսային Պատերազմին (1655–1661) Լիթուանիոյ տարածքը եւ տնտեսութիւնը աւերուեցաւ Շուէտի բանակին կողմէ: Անոր յաջորդեց Մեծ Հիւսիսային Պատերազմը, որու ընթացքին զոհերու թիւը հասաւ երկիրին բնակչութեան 40%-ի:[12] Դուրսի ուժերը, նամանաւանդ՝ Ռուսիան, դարձան Համագործակցութեան ներքին գործերու գերական: Ի վերջոյ, Համագործակցութիւնը մասնատուեցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան, Փրուսիոյ եւ Աւստրիոյ Հապսպուրկներու միջեւ 1772, 1792 եւ 1795 թուականներուն:

Լիթուանիոյ տարածքի մեծ մասը անցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան տիրապետութեանը: 1831-ին եւ 1863-ին անյաջող ապստամբութիւններէ ետք ցարական պաշտօնեաները սկսան ռուսականացման քաղաքականութիւն: Անոնք արգելեցին լիթուանական մամուլը, փակեցին մշակոյթի եւ կրթական հաստատութիւնները եւ Լիթուանիան դարձուցին վարչական երկրամաս:

20րդ եւ 21րդ Դարեր Խմբագրել

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ 16 Փետրուար 1918 թուականին Լիթուանիոյ Խորհուրդը հռչակեց Լիթուանիոյ անկախութիւնը եւ Լիթուանիոյ պետականութեան վերականգնումը: 1920 Հոկտեմբեր ամսուն Լեհաստանը գրաւեց Լիթուանիոյ պատմական մայրաքաղաք Վիլնիւսը: Հետագայ 19 տարիներուն երկրին մայրաքաղաքը ժամանակաւորապէս դարձաւ Քաունասը: 1923-ին ձեռք բերուած Քլայփետայի երկրամասը 1939-ին Լիթուանիան զիջեց Գերմանիոյ: Երկու պատերազմներու միջեւ եղած ժամանակը երկիրը կը կառավարէր 1926-ին իշխանութեան եկած Անթանաս Սմեթոնայի կուսակցութիւնը:

1939-ին Լեհաստան ներխուժած Խորհրդային Միութիւնը Վիլնիւսը վերադարձուց Լիթուանիոյ: Գրաւման հետեւեցան լիթուանացիներու զանգուածային ձերբակալութիւնները եւ աքսորները, որոնց թիւը 34.000-ի հասած էր: Մեկ տարի անց երկիրը գրաւեց նազիստական Գերմանիան եւ անմիջապէս սկսաւ հրեաներու կոտորածը, 1 Դեկտեմբեր 1941-ի դրութեամբ սպաննուեցան 190.000 հրեաներ: Սպաննուեցան նաեւ լիթուանացի մտաւորականներ, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ գնչուներ:

Պատերազմէն Ետք Խմբագրել

Գերմանական զօրքերու պարտութենէն ետք Խորհրդային Միութիւնը 1944-ին նորէն մուտք գործեց Լիթուանիա: Փոթստամի Համաժողովը սահմաններու փոփոխութեան հետեւանքով նախկին գերմանական Մերմելլանտը պալթեան Քլայփետա նաւահանգիստին հետ միասին նորէն վերադարձաւ Լիթուանիոյ: Գերմանացի բանակչութեան մեծ մասը հեռացաւ այդ տարածքաշրջանէն:

1944-էն մինչեւ 1952 թուականները տեղի ունեցած փարթիզանական կռիւներու ընթացքին սպաննուեցան 30 հզր. կարգի դիմադրողներ: Ընդհանուր առումով Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի ընթացքին Լիթուանիոյ կորուստը կազմեց 780.000 մարդ:[13]

1980-ականներու բարեփոխումները թոյլ տուին անկախութեան «Սայուտիսի» շարժման հիմնումը: 11 Մարտ 1990-ին Լիթուանիան յայտարարեց անկախութիւն, դառնալով ԽՍՀՄ-ին մէջ առաջինը: 4 Փետրուար 1991-ին Իսլանտան Լիթուանիոյ անկախութիւնը ճանչցած առաջին երկիրը եղաւ: Նոյն թուականի 17 Սեպտեմբերին Լիթուանիան պաշտօնական անկախութիւն ստացաւ, երբ ան դարձաւ Միաւորուած Ազգերու անդամ:

1 Մայիս 2004-էն Լիթուանիան կը համարուի Եւրոմիութեան անդամ:

Պետութեան Կառուցուածքը Խմբագրել

 
Տալիա Կրիպաուսքայթէն 2010-ին

Լիթուանիան խորհրդարանային հանրապետութիւն է, նախագահականին բնորոշ գիծերով: Համաժողովրդականօրէն ընտրուած նախագահին իրաւասութեան ժամկէտը հինգ տարի է: Ներկայիս նախագահը 2009-ին ընտրուած եւ 2014-ին վերընտրուած Տարիա Կրիպաուսքայթէն է:

Երկրին խորհրդարանը կը համարուի Սեյմասը՝ 141 տեղերով: Պատգամաւորներէն 71-ը կ'ընտրուին մեծամասնական ցանկով, մնացած 70-ը՝ համամասնական-ցանկային համակարգով չորս տարի ժամկէտով:

Հարեւան Երկիրները Խմբագրել

Կաղապար:Հարեւան Երկիրներ

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 14 // Լիտվայի սահմանադրություն
  2. https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/lh.html
  3. https://osp.stat.gov.lt/en/statistiniu-rodikliu-analize?hash=5c4a13a4-75e5-4abf-86aa-58b99778b777State Data Agency of Lithuania, 2023.
  4. 4,0 4,1 https://lietuva.lt/en/about_lithuania/quick_facts
  5. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  6. «Composition of macro geographical (continental) regions, geographical sub-regions, and selected economic and other groupings»։ United Nations Statistics Division։ արտագրուած է՝ 9 November 2008 
  7. Կաղապար:Ref-lt Tomas Baranauskas. Lietuvos karalystei – 750. 2001.
  8. Նօրման Տէյվիս, Եւրոպա.Պատմութիւն [1] էջ 437 Կաղապար:Ref-lt Վերցուած է 2016 Ապրիլ 10-ին
  9. Lithuania: Stepping Westward https://books.google.am/?id
  10. The New Encyclopædia Britannica Հատոր 17 (1998) Էջ 545
  11. Ideology and national identity in post-communist foreign policies https://books.google.am/books?id Էջեր186–
  12. Անկախութիւն Տանող Ճամբան http://www.liw.lt/archive_vid.php?shid=1211283347&id=1211283055 https://web.archive.org/web/20110512014106/http://www.liw.lt/archive_vid.php?shid
  13. Department of State Bureau of Public Affairs http://www.state.gov/r/pa/ei/bgn/5379.htm