Լիլիթ, միջագետքեան առասպելներուն մէջ եղած է քամիի եւ փոթորիկներու չար ոգին, որ հիւանդութիւն ու մահ կը սփռէր։

Լիլիթ (1892), Ճոն Քոլլիէր
Լիլիթ
Լիլիթ Եւ Ֆաուսթ
Լիլիթ 1867

Լիլիթը աշխարհի ամէնէն հին կանացի ոգիներէն մէկն է:

Առասպելները կը բացայայտեն իր բնութեան շատ մութ կողմերը:

Լիլիթին աստղագուշական ուժը զայրոյթն է, խանգարումը եւ գայթակղութիւնը: Ան կանացի ստուերային եսն է, որ բացասական փորձութիւններու կը մատնէ[1]:

Շումերական «Կիլկամիշ» անունով դիւցազնավէպին մէջ ան կ'ոչնչացնէ Իշթառ աստուածուհիին սուրբ ծառը։

Մինչեւ Ք.Ա. 7-րդ դար ան կոչուած է նաեւ «Լիլիթու», որմէ ետք հրէական առասպելներուն մէջ յիշուած է «Լիլիթ» անունով։

Ստուգաբանութիւն

Խմբագրել

Լիլիթը (սեմիթական արմատը L-Y-L l) օգտագործուած է հրէական առասպելներուն մէջ, իբրեւ՝ գիշերուան չար ոգի։ Աքքատերէնի մէջ «lili» եւ «līlītu» եզրոյթները նշանակած են ոգիներ։ Սումերներու մօտ «lili» անուանումը կրող էգ չար ոգիները՝ ստուգաբանական որեւէ կապ չեն ունեցած աքքադերէն «lilu» բառին հետ, որ «երեկոյ» կը նշանակէր։[2]

Լիլիթ անունը, հրէական համայնքներուն մօտ, դարերով մոռցուած անուն մը դարձած էր։ Միջնադարուն հրէական ռապայները կը փորձէին պարզել պատճառը, թէ՝ հին կտակարանին մէջ, ինչո՞ւ «Լիլիթ» անունը շեշտուած է։[3] Միջնադարեան «Պեն Սիրայի Այբուբեն»ին մէջ Լիլիթը կը ներկայացուի, իբրեւ Ադամին առաջին կինը։

Գրական Կերպար

Խմբագրել

Լիլիթը Յունահռոմէական Դիցաբանութեան Մէջ

Խմբագրել

Եսայի մարգարէն (Աղ. 34։14) Լիլիթը թարգմանած է իբրեւ՝ Լամիա։

Ըստ Զիկմոնտ Հուրվիցի՝ թալմուտական Լիլիթը կապուած է յունական Լամիային հետ, որ՝ ինչպէս նշած է հեղինակը, կառավարած է երեխայ գողցող լամիա-հրէշները։ Լամիան ծանօթ էր իբրեւ երեխայ սպաննող։ Անոր ծագումնաբանութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները խիստ հակասական են:

Իսկ ի՛նչ կը վերաբերի անոր արտաքինին՝ Լամիան ներկայացուած է իբրեւ էակ մը, որուն մարմինին վերի մասը կը յիշեցնէ մարդը, իսկ վարի մասը, այսինքն՝ մէջքէն մինչեւ ոտքեր՝ օձը[4]։

Աղբիւրներէն մէկուն մէջ նշուած է, որ ան Հեքաթէ աստուածուհիին դուստրն է։ Այս կերպարանքով ան կապուած է կախարդութեան հետ:

Ան «Եսայի եւ Մեռեալ ծովու մագաղաթներ» գիրքին մէջ՝ «կործանող հրեշտակներու», «անառակներու հոգիներու» եւ «այծ-դեւերու» շարքին մէջ կը յիշուի:

Ըստ այլ աղբիւրի մը՝ Հերա աստուածուհին անիծած է Լամիային կապը Զեւսին հետ, որպէսզի ան մահացած երեխաներ ունենար։ Փոխարէնը՝ Հերան զայրանալով, որ Լամիան կենակցած է իր ամուսինին հետ, սպաննած է անոր բոլոր երեխաները (բացի մէկէն)։ Այնուհետեւ, վշտահար Լամիան վերածուած է հրէշի մը, որ երեխաներ գողնալով մայրերէն իր վրէժը կը լուծէր[5]։

Լիլիթը ծանօթ էր նաեւ իբրեւ տղամարդոց արիւնը ծծող[6]։

Լիլիթը անգլիական գրականութեան մէջ

Խմբագրել
 
Լետի Լիլիթ, նկարիչ Տանթէ Գաբրիէլ Ռոսսետտի, 1868, Delaware Art Museum թանգարան[7]

Լիլիթին կերպարը բազմիցս արծարծուած է համաշխարհային գրականութեան մէջ։

Կէօթէին Ֆաուսթը կը տեսնէ գեղեցկուհին, բայց զինք կը զգուշացնեն, որ ան Ադամին առաջին կինն է եւ իր մազերուն դպչելու պարագային ինք կը կործանի։

Անատոլ Ֆրանսին «Դուստր Լիլիթը» կանաչ աչքերով սեւահեր ուրուական մըն էր։ Որուն որ ան իր մազերով դպչէր, մոռացութեան կը մատնուէր։

Լիլիթը Հայ Գրականութեան Մէջ

Խմբագրել
Աւետիք Իսահակեանին «Լիլիթ»ը
Խմբագրել

Աւետիք Իսահակեանին «Լիլիթ» բանաստեղծութիւնը յօրինուած է հրէական առասպելի մը հիման վրայ։ Ան այս բանաստեղծութիւնը գրած է Վենետիկի մէջ, 1921-ին։ Իսահակեանի «Լիլիթ»ին մէջ՝ Ադամը, ստեղծուած է հողէն (ինչպէս՝ հրէական առասպելին մէջ), իսկ Լիլիթը՝ հուրէն։ Ադամը սիրահարած էր Լիլիթին, իսկ Լիլիթը՝ Ադամին հանդէպ հակակրանք կը զգար, որովհետեւ ան հողէ էր եւ ո՛չ թէ հուրէ, ինչպէս ինքը՝ Լիլիթը։

Աստղագուշակութեան Մէջ

Խմբագրել

Հնագոյն խորհրդանշական աւանդոյթները տարածուած են աստղագուշակութեան ոլորտին վրայ, ուր կայ պատրանքային Լիլիթ մոլորակը (անոր փոխաբերական անունը - Սեւ Լուսին է)[8]։ Լիլիթը Երկիր մոլորակէն Լուսինին ուղեծիրին ամէնէն հեռու կէտն է, որուն յետագիծը հաւկթաձեւ է։ Ան առաջնահերթ նշանակութիւն ունի իւրաքանչիւր անհատի ճակատագիրին մէջ, որովհետեւ ցոյց կու տայ կենդանակերպին այն կէտը, ուր կ'իրականանան կանխագուշակութիւնները։

Լիլիթին հատումը Արեւին եւ Լուսինին հետ, փառք կը բերէ, որ կապուած է ծայրահեղ յատկանիշներու հետ, ինչպէս՝ հանճար կամ յանցագործութիւն։

Երեւակին հետ հատումէն ետք, Սեւ Լուսինը կ'ընդգծէ անսահման վտանգի ենթարկուելու հակումը, որ յատուկ է խաղամոլներուն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Լիլիթը
  2. ^ Michael C. Astour Hellenosemitica: an ethnic and cultural study in west Semitic impact on Mycenaean. Greece 1965 Brill p138
  3. Judit M. Blair De-Demonising the Old Testament - An Investigation of Azazel, Lilith, Deber, Qeteb and Reshef in the Hebrew Bible. Forschungen zum Alten Testament 2 Reihe, Mohr Siebeck 2009 ISBN 3-16-150131-4
  4. Տես Հուրվից, էջ 43 (անգլ.)
  5. Տես Հուրվից, էջ 33 (անգլ.)
  6. Տես Հուրվից, Էջ 77 (անգլ.)
  7. Lady Lilith. Dante Gabriel Rossetti, 1868
  8. «The Three Lilith Points»։ darkstarastrology.com