Լիքէօր (ֆրանսերէն՝ liqueur, լատիներէն՝ liquor «հեղուկ» բառէն), անուշաբոյր, սովորաբար քաղցր խմիչք, որ կը պատրաստուի մրգային կամ հատապտղային հիւթերէն, հոտաւէտ բոյսերու թուրմերէն, արմատներէն, համեմունքներէն եւ այլն։

Լիքէօրին մէջ ալքոհոլին պարունակութիւնը կը տատանի 15%-էն մինչեւ 75%, իսկ շաքարին պարունակութիւնը, իբրեւ կանոն, կը տատանի 25%-էն մինչեւ 60%[1]։

Պատմութիւն

Խմբագրել
 

Լիքէօրներու առեւտուրը կը սկսի Միջնադարուն, երբ բժիշկները եւ վանականները կը փնտռէին կենսատու թուրմը։

Ներկայիս լիքէօրներու արտադրութիւնը զարգացած է գրեթէ ամէնուր, այս կամ այն տեղական տարատեսակները յաճախ կը յիշատակուին ուղեցոյցներու մէջ՝ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը գրաւելու համար։

Տեսակներ

Խմբագրել

Լիքէօրներու զանազանութեան եւ անոնց օգտագործման եղանակներուն պատճառով, գոյութիւն ունին անոնց դասակարգման բազմաթիւ տարբերակներ՝ ըստ թնդութեան, ըստ քաղցրութեան աստիճանի, ըստ հիմնական բաղադրիչներու (մրգային, խոտաբուսային եւ այլն) եւ ըստ ալքոհոլի հիմքի տեսակին։

Աւանդական լիքէօրները կը բաժնուին թունդ (35%-45% ալքոհոլ, 30%-50% շաքար), աղանդերային (25%-30% ալքոհոլ եւ 25%-30% շաքար) եւ քաղցր խիւս (15%-23% ալքոհոլ եւ 50%-60% շաքար)[2]։

Առաջին խումբին կը դասուին հին լիքէօրներու մեծամասնութիւնը, որոնք արտադրուած էին վանականներու, դեղագործներու եւ հրուշակագործներու կողմէ։

Քաղցրախիւս-լիքէօրները յայտնուած են համեմատաբար Ի. դարու կէսերուն, որոնք կը տարբերին խտութեամբ եւ շատ քաղցր համով։

Լիքէօրները սովորաբար կը մատուցուին ճաշէն ետք՝ թէյի կամ սուրճի հետ։ Կ'օգտագործուին ինչպէս անապակ, այնպէս ալ բազմաթիւ խմիչքներու եւ «քոքթէյլներ»ու հետ խառնուած։

Կ'օգտագործուին նաեւ բոլոր հնարաւոր ուտեստներու, առաջին հերթին աղանդերի պատրաստման համար։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Das WikipediA Lexikon in einem Band. MOHN Media. Mohndruck GmbH. Gütersloch.2008 ISBN 978-3-577-09102-2
  2. Տեսակներ