Լոյս (թերթ, Նոր Նախիջեւան)
«Լոյս», գրական-հասարակական շաբաթաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1910-1914 թուականներուն, Նոր Նախիջեւանի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Գ. Ռէիզեան։ Լուսաբանած է հասարակական, կրթական եւ մշակութային իրադարձութիւնները։ Հայկական հարցի լուծման միակ ճանապարհ համարած է պրոռուսական կողմնորոշումը։
Անդրադարձած է գիւղատնտեսական եւ արհեստագործական դպրոցներու ստեղծման անհրաժեշտութեան, զբաղուած մանկավարժական հարցերով։ Տպագրած է Ա. Ծատուրեանի, Յ. Յովհաննիսեանի, թարգմանաբար՝ Մ. Լերմոնտովի, Ա. Չեխովի եւ արեւմտաեւրոպական գրողներու գործերը։ Յոդուածներ նուիրած է Ի. Աբովեանի, Մ. Նալպանտեանի, Ռ. Պատկանեանի գրական-հասարակական գործունէութեան, տպագրած Հ. Աճառեանի «Արեւմտահայ գրական դէմքեր» յօդուածաշարը։