Լոռի բերդ
Լոռի բերդը, միջնադարեան անառիկ ամրոց ներկայիս կը գտնուի Լոռիի մարզին մէջ՝ Ստեփանաւանէն հինգ քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք, Ձորագետի եւ Միսխանայի միջեւ, եւ գետերու խոր կիրճերը երեք կողմէն անմատչելի դարձուցած են փոքր հարթութեան ժայռոտ բարձունքին գտնուող ամրոցը։ Ընդգրկուած է Լոռի Բերդի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկուին մէջ։
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելՄիջնաբերդին համեմատաբար դիւրամատչելի հիւսիս-արեւմտեան կողմը կառուցուած է 214 մեթր երկարութեամբ, իրարու յաջորդող կլոր եւ քառանկիւն աշտարակներով պարիսպ, որուն հիւսիս-արեւմտեան անկիւնին վրայ կը գտնուի միակ մուտքը։ Պարիսպին շուրջ խորունկ խրամներ փորուած են։ Պարիսպէն ներս կառուցուած են պալատ, բաղնիքներ, եկեղեցիներ եւ քաղաքացիներու բնակարաններ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԼոռի Կիւրիկէ Ա. թագաւորին օրով (1049-1089) Կիւրիկեաններու թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղաւ։ Գտնուելով հիւսիսային առեւտրական ճամբու վրայ՝ Լոռին եղախ է առեւտրային ու արհեստագործական խոշոր կեդրոն միջնադարեան Հայաստանին մէջ. առեւտրական ճամբաներով կապուած էր Անիի, Դուինի, Դմանիսի, Թիֆլիս եւ ուրիշ քաղաքներու հետ։ XI - XIII դդ. ունեցել է շուրջ 10 հզ. բնակիչ։ Քաղաքի առաջին պարսպի մեջ պարփակված տարածությունը (մոտ 9 հա) միջնաբերդի դեր է կատարել։ Սելճուքներ 1105-ին գրաւեցին զայն, իսկ 1118-ին՝ վրացական զօրքերը, որոնք Օրբելիներուն յանձնեցին ամրոցը։ Այս ժամանակ Վասպուրականի հարաւէն գաղթելով Զաքարեան տան նախնիները Գուգարք փոխադրուեցան եւ վրացական արքունիքի գերիշխանութեան ենթարկուեցան։ Անոնց սերունդէն Սարգիս Մեծ Անիի կառավարիչ նշանակուեցաւ. Թամար թագուհի ամիրսպասալարութեան պաշտօնին կոչելով զայն անոր յանձնեց Լոռին։ Սարգիս Մեծի զաւակները՝ Զաքարէ եւ Իւանէ ամիրսպասալարները վրացական եւ հայկական միացեալ զօրքերով ազատագրեցին հիւսիս-արեւելեան Հայաստանը եւ վերականգնեցին հայկական պետականութիւնը։ 1236-ին մոնկոլներ գրաւեցին, աւերեցին եւ կողոպտեցին Լոռին։
Լոռիէն գտնուած են աշխատանքի գործիքներ, զէնքեր, զարդեր, կաւէ բազմապիսի անօթներ եւ ծխամորճներ, ապակէ ջրամաններ, ճենապակեայ, հախճապակեայ, ոսկորէ եւ քարէ առարկաներ, դրամներ, որոնք հիմք կը հանդիսանան ենթադրելու, որ Լոռիի մէջ զարգացած եղած են արհեստներու բազմաթիւ ճիւղեր։ Կան նաեւ այլ երկրներէ (մասնաւորապէս՝ Վրաստանէն, Պարսկաստանէն, Միջին Ասիայէն և Միջագետքէն) ներմուծուած առարկաներ[1]։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Լոռի բերդաքաղաք, միջնաբերդ
-
Լոռի բերդաքաղաք, եկեղեցի
-
Լոռի բերդաքաղաք, բաղնիք
-
Լոռի բերդաքաղաք, բաղնիք
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ ««Լոռի բերդ» քաղաքատեղի» պատմամշակութային արգելոց»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-10-30-ին։ արտագրուած է՝ 2015-05-13