Լութֆիկ Գույումճեան

Գույումճեան Լութֆիկ (ծն․՝ 26 Սեպտեմբեր 1881, Տիմէթոգա (Յունաստան - անյայտ), իրաւագէտ, հրապարակագիր:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Լութֆիկ նախնական կրթութիւնը առած է ծննդավայրին Արամեան վարժարանը: Ատրիանապոլսոյ դատական յանձնաժողովի առջեւ 1904-ին քննութիւն անցընելով կը ստանայ փաստաբանական վկայական: 1908 Սահմանադրութեան տարին կը մասնակցի փոխանցման շրջանի պայքարներուն եւ երիտասարդ սպաներու առաջնորդութեամբ եւ ճարտար հռետորութեամբ մը կը հմայէ ընդհ. հրամանատար Նասր փաշան եւ կուսակալ Զիվէր պէյը եւ այդ յեղաշրջման միջոցին Էտիրնէի հայերուն պարծանքը կը հանդիսանայ. գնահատութեան դափնիներ խլելով նոյնիսկ պաշտօնաթերթերու հրատարակութիւններէ: 1908-ին յաճախելով Կ. Պոլսոյ իրաւագիտական համալսարանը 1912-ին կը ստանայ վկայականը՝ առաջինը հանդիսանալով իր ընկերներուն մէջ. եւ կը նետուի կրկին փաստաբանական ասպարէզը:

Պատանի հասակէն կ’աշխատակցի «Բիւզանդիոն»ի եւ հետզհետէ միւս պարբերաթերթերուն եւ օրաթերթերուն: Էտիրնէէն Ազգ. ընդհանուր Ժողովի անդամ ընտրուած եւ մինչեւ վերջը գործակցած է այդ անուամբ: Տարիներով վարած է Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի իրաւագէտ խորհրդականութիւնը. յաջողած է տարիներու յամառ աշխատութեամբ դասաւորել Ազգային կալուածներու բազմակողմանի տոմարները եւ այսպէս առողջ ու օրինաւոր հիման վրայ դնելով ազգային սեփականութիւնները: Ստանձնած եւ յաջողապէս լրացուցած է ազգային բազմաթիւ դատեր, որոնք անելի մատնուած կը սպառնային ահեղ կորուստներու ենթարկել ազգային շահերը: Անդամակցած է ազգային մարմիններուն եւ միշտ պատասխանելով անոնց հրաւէրներուն իր կարծիքէն օգտուած են իր ընկերները, մասնաւորաբար այս վերջին փոխանցման շրջաններուն: Եղած է Կտակաց Հոգաբարձութեան անդամ եւ Վագըֆներու յանձնաժողովի անդամ:

Հեղինակած է օրէնքներու եւ գիտական տուեալներու գիրքեր. հրատարակած է թարգմանութիւններ, որոնց մէջ նշանաւոր հանդիսացած է Թուրքիոյ օրէնքներուն հաւաքածոն, ուր 1839 թուականէն մինչեւ 1937 Թուրքիոյ օրինական ու իրաւական ամբողջ պաշտօնական հրատարակութիւնները ամփոփուած են: Այս հոյակապ եւ երեսուն տարիներէ աւելի յամառ աշխատութեամբ ձեռք բերուած աշխատութիւնը գնահատուած է նոյնիսկ Աթաթիւրքէն եւ մեր աւագանիին ու նշանաւոր իրաւագէտներու գրութիւններով: Հատորներով գրուած իր ձեռագիր կենսագրականը շատ հետաքրքրական է եւ խրախուսիրչ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 533: