Ատրիանապոլիս (թրք.՝ Edirne, Էտիրնէ , պուլկար․՝ Одрин; հուն․՝ Αδριανούπολη Ադրիանուպոլիս), Մարիցա, Թունճա եւ Արտաս գետերու միախառնման վայրին մէջ։ Ունի 46,1 հզ. բն. (1965)։ Քաղաք Թուրքիոյ եւրոպական հատուածին մէջ:

Բնակավայր
Ատրիանապոլիս
թրք.՝ Edirne
Երկիր  Թուրքիա
Հիմնադրուած է՝ 2-րդ դար
ԲԾՄ 42±1 մեթր
Բնակչութիւն 180 327 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+2, UTC+3։00 եւ Արեւելաեւրոպական ժամ
Հեռախօսային ցուցանիշ 284
Փոստային ցուցանիշ 22 000
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 22
Պաշտօնական կայքէջ edirne.bel.tr(թուրք.)

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Կը գտնուի Սթանպուլ–Սոֆիա երկաթուղիին վրայ։ Կան մետաքսի, գործուածքեղէնի եւ կաշիի արտադրութեան տնայնագործական ձեռնարկութիւններ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ա. կառուցած է Հռոմի Ադրիանոս (117–138) կայսրը

Քաղաքը հիմնադրուած է հռոմէական Հադրիանոս կայսրին կողմէ, որու անունով ալ կոչուած է։ 378 թուականի Օգոստոս 9-ին հռոմէական ուժերը Վաղես կայսեր գլխաւորութեամբ մարտի բռնուեցան գոթերու հետ։ Ճակատամարտին հռոմէացիները կրեցին ջախջախիչ պարտութիւն, իսկ կայսրը զոհուեց մարտի դաշտին վրայ։

1205 թուականի Ապրիլ 14-ին խաչակիրներու եւ պուլկարներու միջեւ տեղի ունեցաւ ճակատամարտ, ուր խաչակիրները ջախջախուեցան։ 1362 թուականին քաղաքը գրաւուեցաւ թուրք-օսմաններու կողմէ։ 1361-ին սուլթան Մուրատ I նուաճեց Ատրիանապոլիսը եւ դարձուց Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը (մինչեւ 1453)։

1365 - 1453 թուականներուն եղած է Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը։ Ռուս-թուրքական պատերազմներուն հետեւանքով 1829 եւ 1878 թուականներուն գրաւուած է ռուսական բանակին կողմէ։

Ատրիանապոլիս քաղաքին մէջ կնքուած է Ադրիանուպոլսոյ հաշտութեան պայմանագիրը (1829)։

Էտիրնէ վիլայէթի վարչական կեդրոնը։

Առաջին պալգանեան պատերազմին հետեւանքով, 1913 թուականին, ըստ Լոնտոնի պայմանագրին, քաղաքն անցաւ պուլկարիոյ։ Սակայն Պալգանեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքով քաղաքը դարձեալ անցաւ Օսմանեան կայսրութեան։ Ըստ Սեւրի պայմանագրի քաղաքը պիտի անցնէր Յունաստանին։ Յունական զօրքերը 1920 - 1922 թուականներուն զբաղեցուցած էին քաղաքը, սակայն ըստ Լոզանի պայմանագրին՝ քաղաքը վերադարձուեցաւ Թուրքիոյ։

Ատրիանապոլիսը գրաւած են ռուսերը (1828), պուլկարացիները (1912–13), յոյները (1920–22)։

Ազգային կազմ

Խմբագրել

Բիւզանդական կայսրութեան օրօք քաղաքն ունեցած է յունական, պուլկարական եւ հայկական խառն բնակչութիւն։ Ատրիանապոլիսի հայ համայնքը ձեւաւորվեուածլ է դեռեւս Բիւզանդական կայսրութեան վաղ շրջանին։ Մեզի հասած հայկական մշակոյթի յուշարձաններէն է «Ադրիանուպոլսոյ աւետարան»֊ը (1007)։

Հայերու թիւը Ատրիանապոլսոյ մէջ աւելցաւ, երբ Ղրիմի մէջ հաստատուած Անիի հայերը XIII–XIV դդ. Լեհաստանի եւ Մոլդավիայի վրայով անցան Պալգաններ։ 1550-ին սուլթան Սուլէյման I-ի պատուէրով՝ հայազգի Սինան ճարտարապետը կառուցեց Ատրիանապոլսոյ նշանաւոր մզկիթը։

Չնայած Օսմանեան կայսրութեան երկարատեւ կառավարման, քաղաքին մէջ իսլամները՝ յատկապէս թուրքերը երբեք մեծամասնութիւն չեն կազմած։ XX դարու սկիզբը քաղաքի բնակչութեան յարաբերական մեծամասնութիւն կազմած են յոյները՝ 27,5%։

Օրինակ ըստ 1905 թ.-ի տուեալներուն, քաղաքի 80-հազարնոց բնակիչներէն՝

  • 36 հազարը քրիստոնեայ էին (45%), որուն՝
    • 22 հազարը յոյն
    • 10 հազարը պուլկար
    • 4 հազարը հայ
  • 30 հազարը իսլամ (37.5%), որուն՝
    • 10 հազարը թուրք
    • 20 հազարը այլ իսլամներ
  • 12 հազարը Յուդայական (15%)
  • 2 հազար այլ

Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Ատրիանապոլսոյ մէջ կը բնակէին հայեր, յոյներ, թուրքեր։ Հայերու թիւը մօտ 3 հզ. էր։ Գլխաւորաբար կը զբաղէին տնայնագործութեամբ եւ առեւտուրով։ Անոնք կ'ապրէին Գալէիչի, Աթ փազար, Գարաղաճ թաղամասերուն մէջ, որոնք ունէին իրենց եկեղեցիները (Մ. Թորոս, Մ. Կարապետ, Ս. Լուսաւորիչ), վարժարաններն ու մանկապարտէզները։ Ատրիանապոլսոյ հայերէն 700 հոգի 1915-ին մէկ շաբթուան ընթացքին՝ Հոկտեմբեր 15–21, աքսորուեցան Գոնիա, Էսկի֊Շեհիր, Հալէպ, Դամասկոս եւ Տէր Զօր։ 1916-ի Փետրուար 16-ին բռնութիւնները կրկնուեցան։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն, յատկապէս թուրքերու կողմէ Ատրիանապոլիսը վերագրաւուելէն յետոյ, հայերու մեծ մասը գաղթեց Յունաստան եւ Պուլկարիա։ Յ. Պարոնեանի ծննդավայրն է։ 1885֊ին այստեղ տպագրուած է «Խիկար» հանդէսը։

Քաղաքի քրիստոնեայ եւ հրեայ բնակչութեան մեծ մասը լքեց քաղաքը 1923 թ.-ին։ Ներկայիս քաղաքի բնակչութեան 95%-ը թուրք է, իսկ մնացածը իսլամ գնչու։

Բնակչութիւն

Խմբագրել
Տարի Բնակչութիւն
2000 140 830 մարդ
2018 180 327 մարդ

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել