Խիկար (ամսագիր)
«Խիկար», երգիծական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1884-1885, 1886-1888 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Ատրիանապոլսոյ մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Յակոբ Պարոնեան։ 1880-ականներու վերջերը համիտեան խստագոյն գրաքննութեան պայմաններուն մէջ «Ծիծաղ» եւ «Թատրոն» հանդէսներու քաղաքական երգիծանքը այստեղ հիմնականին իր տեղը զիջած է կենցաղային թեմատիկային։ Խարազանած է եւրոպական նորամուծութիւնները կենցաղին մէջ, քաղքէնիական սովորութիւնները, պաշտպանած արհեստաւոր խաւին։ Առաջին անգամ այստեղ տպագրուած Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները», «Պաղտասար աղբար», «Խիկար եւ ծիծաղ», «Ծիծաղ եւ Բարոյական», «Առտնին տեսարաններ» եւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ նաեւ «Այլակերպութիւն բառարանի» աֆորիզմներու շարքը, ուր կը քննադատուին ազգային մարմիններու գործունէութիւնը, հոգեւորական դասը։ «Խիկարը» ժամանակի երիտասարդութեան ամենակարդացուող պարբերականներէն էր։ Աշխատակցած են Կոստանդնուպոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Ատրիանուպոլսոյ եւ այլ քաղաքներու հայ մտաւորականները՝ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործերով[1][2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ԹԱՏՐՈՆ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-23
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-02-21-ին։ արտագրուած է՝ 2023-02-21