Քաղաքավարութեան Վնասները


Քաղաքավարութեան Վնասները, դասական գրական երկ։ Հայ երգիծանքի մեծ վարպետ Յակոբ Պարոնեանի ամենայայտնի գործերէն մէկը։

Քաղաքավարութեան Վնասները
Հեղինակ Յակոբ Պարոնեան
Լեզու հայերէն

Այս անջատ ու կարճ պատմուածքներու հաւաքածուն ունի հասարակաց մէկ գիծ, որուն նպատակն է ցոյց տալ, թէ՝ մարդ յաճախ զոհ կը դառնայ քաղաքավարութեան։ Նուրբ երգիծանքով եւ պարզ ոճով գրուած այս գործը կը խարազանէ Պոլսոյ որոշ խաւի մը՝ ի գին ամէն ինչի, եւրոպական քաղքենիութիւնը ընդօրինակելու հապճեպը։ Պարոնեան իր սրամիտ ոճով կը ներկայացնէ բռնի քաղաքավարութեան զոհերը, երեւան հանելով զայն շահագործող աներես ու անկիրթ պատեհապաշտներ։[1]

«Քաղաքավարութեան Վնասները» ընդհանուր խորագրին տակ, բայց առանց առանձին վերնագիրներու, այս կարճ պատմուածքներու շարքը պարբերականօրէն լոյս տեսած է հեղինակին խմբագրած «Խիկար» թերթին մէջ, 1886-1887 տարիներուն։ Յետագային, «Քաղաքավարութեան Վնասները» ամփոփուած է առանձին հատորի մը մէջ եւ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատրակութիւններու, աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ։ Անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Ժագ Անդրէասեանը՝ «Perils of Politeness» վերնագրով։

Նշումներ

Խմբագրել
  1. Ճանաշեան, Մեսրոպ. Հայ Գրականութեան Նոր Շրջանի Համառօտ Պատմութիւն: Վենետիկ, Ս. Ղազար 1974, էջ 126: