Լուռ գիշեր (Ծնունդի երգ)
Լուռ Գիշեր երգը քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, մշտադալար եղեւինի ծառին շուրջ կը լսուի, որ ունի 150 տարուան պատմութիւն: Մանաւանդ Արեւմտեան Եւրոպայի, Անգլիոյ եւ Ամերիկայի մէջ տարածուած է անիկա` թարգմանուելով գրեթէ բոլոր լեզուներու[1]:
Հայ աւետարանականները այս երգը ներառած են իրենց հոգեւոր երգերու ցանկին մէջ:
Պատմութիւնը
Խմբագրել24 Դեկտեմբեր 1818-ին աղքատ մարդիկ եւ կիներ առաջին անգամ երգած են զայն Սալցպուրկի մերձակայ Օպեռնտորֆ գիւղին Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ` կիթառի ընկերակցութեամբ, որովհետեւ եկեղեցւոյ երգեհոնը անգործածելի դարձուցած էին մուկերը, իսկ օգնական քահանայ Եոզեֆ Մոհ նոր երգի մը բառերը գրած էր եւ նոյն օրը մօտակայ գիւղին Առնտոլֆի երաժիշտ-ուսուցիչին տանելով` յարմար եղանակ մը յօրինել տուած էր: Այդ երաժիշտը կը կոչուէր Ֆրանց Քսաւիէ Կրիւպեր, որ կիթառի վրայ նուագելով` ձայնագրած եւ նուագած էր:
Երգին հայերէն բառերը.
Լո՜ւռ գիշեր, սո՜ւրբ գիշեր,
Ծով ու ցամաք քընով են խաղաղ,
Մեղմ կը փայլի աստղը Բեթղեհէմէն,
Եւ հեռուէն շատ աչքեր կը գրաւէ,
Հոն, ուր Փրկիչը ծնաւ:
Լո՜ւռ գիշեր, սո՜ւրբ գիշեր,
Երգ մը ահա հովիտին վրայ,
Հրեշտակներու անթիւ խումբը կ'երգէ,
Երբ, որ ցնծման աւետիս կը բերէ.
«Տէրը` Փրկիչը եկաւ»:
Լո՜ւռ գիշեր, սո՜ւրբ գիշեր,
Ով դու երկիր, ա՛լ արթընցիր,
Քու օրհնութիւնդ արդ վեր թող ելլէ,
«Փառք Աստուծոյ ի բարձունըս» երգէ,
Խաղաղութի՜ւն աշխարհի:
Մոցարթի հայրենիք Սալցպուրկ եւ շրջակայքը այս 150-ամեակին առթիւ երգահանդէսներ սարքած են արժանավայել կերպով երգին յոբելեանը եւ հեղինակներուն յիշատակը նշելու համար:
22 եւ 24 Դեկտեմբերին ուխտագնացութիւններ կատարուած են դէպի Սալցպուրկ եւ շրջանի գիւղերը` Օպեռնտորֆ, Առնտորֆ, Վաքրայն, Հայլայն, ուր յօրինուած եւ առաջին անգամ երգուած է «Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր» երգը` փրկութիւն յուսալով Բեթղեհէմի հրաշքէն:
Երգին քաղաքական հայեացքները
ԽմբագրելՔաղաքականացած Ս. Ծննդեան երգ մըն է: Երգը թէեւ լուռ գիշերի մասին կը խօսի, սակայն ձայնագրութեան մէջ ցած ձայնով կը լսուի ձայն մը, ուր կը կարդացուին ձայնագրութեան օրուան լուրերը, ինչպէս` Վիեթնամի պատերազմին դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն մասին, հասարակաց իրաւունքներու համար տեղի ունեցած արշաւներու լուրը եւ այլն[2]: