Լռութիւն, լսելի ձայնի բացակայութիւնը կամ շատ ցած ուժգնութեամբ ձայնի առկայութիւնն է: Որեւէ հաղորդակցութեան կամ լսողութեան բացակայութիւնը։ Լռութիւնը կ'ենթադրէ, ընդ որում խօսքի եւ երաժշտութեան[1] բացակայութիւնը: Լռութիւնը կ՛օգտագործուի ընդհանուր հաղորդակցութեան մէջ՝ որպէս լուռ հաղորդակցում եւ հոգեկան կապ: Լռութիւնը նաեւ կրնայ նշանակել, որ սենեակին կամ տարածքին մէջ ոչ ոք կը խօսի եւ կամ ձայն կը հանէ: Լռութիւնը մեծ դեր ունի բազմաթիւ մշակոյթներու ծէսերուն եւ ծիսակարգերուն մէջ:

Ղպտի 8-րդ դար, Վարշաւայի թանգարան

Բանախօսութեան մէջ՝ բանախօսը կ'օգտագործէ կարճ դադար-լռութիւնը, յարգելով բանախօսութեան սկզբունքները: Խօսակցութեան մէջ՝ կարճատեւ լռութիւնը կը նշանակէ կասկած, կակազութիւն, ինքնաուղղում կամ բանախօսութեան ընթացքը դանդաղեցնելու եւ միտքերու եւ գաղափարներու ընկալումը դիւրացնելու: Ասոնք կարճ լռութիւններ են: Երկար լռութիւնները խօսակցութեան մէջ ունին փոխգործութեան, հակազդեցութեան կարգ-առման դեր:

Ըստ մշակութային չափանիշերու՝ լռութիւնը կրնայ ըլլալ դրական կամ բացասական: Օրինակ՝ քրիստոնեայ մեթոտիստներու համար ժամերգութեան ժամանակ լռութիւնը դրական երեւոյթ կը համարուի, բայց հարաւային Մկրտչական եկեղեցւոյ համար, լռութիւնը կրնայ դիտուիլ որպէս Աստուծոյ հանդէպ ունեցած անհամաձայնութիւն, եւ կամ քրիստոնեայ համայնքի հետ կապերու թուլութիւն:

Երաժշտութեան մէջ

Խմբագրել

Երաժշտութիւնը առհասարակ հիմնուած է լռութեան վրայ, որպէսզի ձայնի տարբեր հանգրուանները նշուին եւ թոյլ տրուի որ ձայներու աշխուժութիւնը, մեղեդին եւ ռիթմը աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն ունենան: Օրինակ՝ երաժշտութեան երկար դադարները կրնան դիտուել որպէս լրացուցիչ ժամանակ՝ նախորդող երաժշտական հատուածը աւելի լաւ ընկալելու համար: Լռութիւնը չ՛ազդեր երաժշտութեան որակին վրայ, այլ հակառակը՝ կրնայ մեծցնել գործիքներու ձայնի եւ հնչեղութեան ազդեցութիւնը[2]:

Բանավէճի մէջ

Խմբագրել

Բանավիճային լռութիւնը հռետորութեան մէջ կարելի է օգտագործել այն ժամանակ, երբ հակառակորդը կը սպասէ պատասխանի: Այս լռութիւնը կրնայ վիրաւորական ըլլալ, որովհետեւ կը նշանակէ մերժել ուղղակի պատասխանել հարցումին, թէեւ ճիշտ օգտագործուելու պարագային կրնայ բանավիճող կողմին յաղթանակ ապահովել:

Լռութիւնը (լատիներէն՝ argumentum ex silentio), յաճախ կրնայ ապացոյց հանդիսանալ մէկու մը տգիտութեան կամ անգիտութեան: Ընդհանրապէս նաեւ լռութիւնը կրնայ նշանակել հաստատումը ապացոյցի չգոյութեան:

 
Զինուորները գլուխները կը խոնարհեն լռութեան պահուն:

Օրէնքի մէջ

Խմբագրել

Կարգ մը երկիրներու մէջ հարցաքննութեան կամ դատավարութեան ընթացքին կալանաւորի մը օրինական իրաւունքն է լռութիւնը, որ կ'ապահովէ պաշտպանութիւն:

Վտանգի մէջ

Խմբագրել

Ըստ Ժոզէֆ Ժորտանիայի ընտանի կենդանիներու, ընդ որում՝ մարդու, լռութիւնը կրնայ ըլլալ վտանգի մէջ գտնուելու նշան: Բազմաթիւ ընտանի կենդանիներ կ'արձակեն պատահական ձայներ, զորս հաղորդակցութեան միջոցներ են: Ասոնք տարբեր ձայներու խառնուրդ են, զորս կ'օգտագործուին ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Շատ կենդանիներ վտանգի ժամանակ ուղղակի կը դադրին ձայն հանելէ, կը լռեն եւ կը սառին, այդպիսով յայտնելով եկող վտանգը[3]: :Չարլզ Տարուին գրած է այս մասին օրինակ բերելով վայրի ձին եւ խոշոր եղջերաւոր անասունները[4]: Ըստ Ժոզէֆ Ժորտանիայի մարդուն մրմունջը կրնայ եղած ըլլալ հաղորդակցութեան առաջին միջոցը եւ լռութենէն խուսափելու ձեւ: Եւ հետեւաբար երկարաձգուած լռութիւնը մարդուն համար կը դառնայ ճնշիչ (վտանգի սպառնալիք):Այս կը պարզէ, թէ ինչու մարդը առանձնութեան մէջ ինքզինք աւելի ապահով կը զգայ ձայնի առկայութեամբ՝ (ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ միացնելով), քան լռութեան մէջ:

Հոգեւոր կեանքի մէջ

Խմբագրել

Հոգեւոր կեանքի մէջ լռութիւնը յաճախ փոխաբերական արտայայտութիւնն է ներքին խաղաղութեան: Խաղաղ ու լուռ միտքը, հեռու արտաքին աշխարհի եւ ներքին մտքերու հոսքէն անհրաժեշտ է հոգեւոր զարգացման համար: Այսպիսի «ներքին լռութիւնը» ձայնի բացակայութիւնը չէ, այլ՝ հաղորդակցութիւն աստուածային իրականութեան, սեփական իրական եսի եւ աստուածային բնոյթի հետ[5]: Բազմաթիւ կրօնքներու մէջ մտքի ու հոգիի լուռ եւ խաղաղ վիճակը կարեւոր է հոգեկան կերպարանափոխութեան եւ հոգեւոր զարգացման համար: Քրիստոնէութեան մէջ խոհական աղօթքները հիմնուած են ներքին լռութեան վրայ. իսլամութեան մէջ եւս կան իմաստութիւնները, որոնք կը շեշտեն ներքին լռութիւնը գտնելու կարեւորութիւնը: Պուտիզմին մէջ՝ լռութեան նկարագրութիւնը եւ միտքը լռութեան մղելու կարեւորութիւնը կը նկատուի հոգեւոր լուսաւորութիւն: Հինտուիզմին մէջ եւս կը շեշտուի լռութիւն՝ ներքին աճին համար:

Յարգանքի լռութիւն

Խմբագրել

Ողբերգական իրադարձութիւններ յիշելու, զոհեր յարգելու համար շատ յաճախ կ՝ օգտագործուի լռութիւնը, երբ ներկաները լռելով յարգանքի տուրք կը մատուցեն իրադարձութեան կամ, աւելի յաճախ, անձի յիշատակին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Silence | Define Silence at Dictionary.com»։ Dictionary.reference.com։ արտագրուած է՝ 2013-08-15 
  2. Cox Christoph, Warner Daniel (2004)։ Audio Culture: Readings in Modern Music 
  3. Macedonia, J. (1986).
  4. Charles Darwin (2004)։ The Descent of Man։ London: Penguin Books. pg. 123 
  5. See Stephen Palmquist, Ontology and the Wonder of Silence, Part Four of The Tree of Philosophy (Hong Kong: Philopsychy Press, 2000.