Խաչատուր Տէր Մանուէլեան
Խաչատուր Տէր Մանուէլեան (1875, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա - Յուլիս 1915, Մալաթիա, Թուրքիա), ազգանունը եղած է Նահիկեան (?), գրուած է նաեւ Էմանուէլեան։ Հայ բժիշկ։
Ծնած է | 1875 |
---|---|
Ծննդավայր | Էլազըղի մարզ, Թուրքիա |
Մահացած է | Յուլիս 1915 |
Մահուան վայր | Մալաթիա, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է մօտ 1875 թուականին, Խարբերդի նահանգի, Խարբերդի գաւառի՝ Խարբերդ-Մեզիրէ քաղաքին մէջ։ Մանկական տարիներէն զրկուած է հօրմէն եւ մեծացած՝ մօր խնամքի տակ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Մեզիրէի ազգային կեդրոնական վարժարանէն ներս։ Ուսանած է ամերիկացի միսիոներներու՝ Խարբերդի Եփրատ գոլէճին մէջ։ Նոյն գոլէճի ուսուցիչները երաշխաւորած են զինք՝ համալսարանական կրթութիւն ստանալու համար։ 1903 թուականի Մայիս 23-ին աւարտած է ԱՄՆ–ի Փենսիլվանիոյ համալսարանի (Ֆիլատելֆիոյ) բժշկական բաժինը։ Որոշ ժամանակ հիւանդանոցներուն մէջ մասնագիտացած է վիրաբուժութեան գիծով, այնուհետեւ Նիւ Եորքի մէջ սեփական բուժարան բացած է։ Տեղի տալով մօր խնդրանքներուն՝ վերադարձած է հայրենի Մեզիրէ, ուր բացած է սեփական բուժարան եւ շուտով սիրուած վիրաբոյժի համբաւ վաստակած է։ Բժիշկ Էթքինսնի խնդրանքով, շաբաթը երկու օր այցելու բժիշկ աշխատած է՝ 1909 թուականին բացուած, «Էնի Թրէյսի Ռիգզ» ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ։ Յաճախ հրաւիրուած է Եփրատ գոլէճ՝ առողջապահական դասախօսութիւններ կատարելու։ 1913 թուականին ամուսնացած է Մեզիրէի անուանի ընտանիքներէն մէկուն՝ Ճեֆերեան Յովակիմի եւ Հռիփսիմէի դստեր՝ Մարի-Վենիւսի հետ։ 1914 թուականին, Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսվելուն պէս, ուղարկուած է Քըզըլքիլիսէ, Մանազկերտ, Փերի, Կիւմիւշ-Մատեն եւ այլ քաղաքներ՝ բժիշկ ծառայելու համար։ Ութ ամիս ծառայելէ ետք արձակուրդ առնելով վերադարձած է Մեզիրէ եւ նահանգապետի առաջին գրագիրի կնոջ կեանքը փրկած է։ Այդ դէպքէն ետք բժիշկ նշանակուած է Կարմիր մահիկի հիւանդանոցէն ներս, ուր եռանդով զբաղած է վիրաւոր եւ հիւանդ հայ բանտարկեալներու բուժմամբ, ոմանց ալ հիւանդանոցէն ծածուկ ազատած եւ ուղարկած է Տերսիմ։
ԱՄՆ-ի քաղաքացիութիւն ունեցած է եւ եղած է ԱՄՆ-ի հիւպատոս Տէյվիտի ընտանեկան բժիշկը։ 1915 թուականի Յուլիսին հիւանդանոցէն տուն վերադառնալու ժամանակ ձերբակալուած է, բանտարկուած ու Մածիտինէ աքսորուած է։ Սպանուած է 1915 թուականի Յուլիսի վերջը, Մելիտինէի կամ Խարբերդի մէջ՝ մօտ 40 տարեկան հասակին։ Կինը՝ Մարի-Վենիւսը, նախազգալով վտանգը, թոյն խմելով փորձած է ինքնասպան ըլլալ, սակայն զինք փրկած է պատահաբար այցելած հարեւանուհին։ 1929 թուականի Դեկտեմբեր 29-ին, ԱՄՆ քաղաքացի Մարի-Վենիւսն ու անոր դուստր Թովինան, այդ երկիրը տեղափոխուած են։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
- Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատ գամները),Պոսթըն, 1957։
- Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
- Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ (կազմողներ), Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհեր (1915-1923), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։