Խաչատուր Տէօվլեթեան

Խաչատուր Տէօվլեթեան (Տէվլեթեան Խաչիկ) (1868, Ան­գա­րա­յի նա­հան­գ, Կեսարիա - 1915), հայ բժիշկ։

Խաչատուր Տէօվլեթեան (Տէվլեթեան Խաչիկ)
Ծնած է 1868
Ծննդավայր Ան­գա­րա­յի նա­հան­գ, Կեսարիա
Մահացած է 1915
Կրթութիւն Էվե­րե­կի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­ն
Կ. Պոլ­սի Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Սեբաստիոյ­ զինուո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ց

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Խաչատուր Տէօվլեթեան ծնած է 1868 թուականին, Ան­գա­րա­յի նա­հան­գի Կեսարիոյ գաւառի, Էվերեկ գաւառակի կեդրոն՝ Էվերեկ աւանի մէջ, որուն վաճառականութիւնը, ճարտարարուեստն ու կրթութիւնը հայերու ձեռքն էին։ Հայրը՝ Տէօվլեթ աղան, յայտնի վաճառական էր եւ առեւտրական կապերով կապուած էր Կեսարիոյ ու Կարնոյ հետ (ըստ Ալպօյեաճեանի՝ վիրաբոյժ էր)։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Էվերեկի ազգային վարժարանէն ներս։

Այնուհետեւ աւարտած է՝ Մարզուանի Անատոլիա գոլէճը, ապա՝ Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ Այնուհետեւ մեկնած է ԱՄՆ եւ Փենսիլվանիոյ համալսարանի (Ֆիլատելֆիա քաղաք) բժշկական ֆակուլտետի մէջ ուսանած, մասնագիտացած վիրաբուժութեան ուղղութեանբ եւ գործնական հմտութիւններ ստացած է տեղի հիւանդանոցէն ներս։

Վերադառնալով ծննդավայր, եղած է տեղի միակ բժիշկը ու կարճ ժամանակուան ընթացքին՝ հմուտ վիրաբոյժի եւ սիրուած ազգային գործիչի համբաւ ձեռք ձգած է։ 1914 թուականին, Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելուն պէս, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ-վիրաբոյժ ծառայած՝ Սեբաստիոյ զինուորական հիւանդանոցին մէջ։ 1915 թուականի Յուլիսի 14-ին, Սեբաստիայէն տարագրութեան ճամբուն վրայ՝ Տերինտերէյի մէջ («Խո­րը ձոր»), Սեբաստիոյ հանրածանօթ արիւնարբու նահանգապետ Մուամմերի հրահանգով սպանուած է անլուր չարչարանքներու ենթարկուելով՝ 47 տարեկան հասակին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, հ.Բ. Գահիրէ, 1937։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Հին եւ նոր Կեսարիա։ Յուշամատեան, Փարիզ, 1989։
  • Շահբազեան Հ., Միրզոյեան Ա., Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թթ.), հ. 3, Անգարայի նահանգ, Երեւան, 2006։