Խաչիկ Փափազեան (1875, Տիվրիկ, Տիվրիկ գաւառակ, Սեբաստիոյ գաւառ, Սեբաստիոյ նահանգ - 28/29 Մարտ 1916, Կ. Պոլիս), հայ բժիշկ։

Խաչիկ Փափազեան
Ծնած է 1875
Ծննդավայր Տիվրիկ, Տիվրիկ գաւառակ, Սեբաստիոյ գաւառ, Սեբաստիոյ նահանգ
Մահացած է Մարտ 1916
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահուան պատճառ Ժանտախտ
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1875 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի, Սեբաստիոյի գաւառի Տիվրիկ գաւառակի կեդրոն՝ Տիվրիկ աւանին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրէն ներս, միջնակարգը՝ ամերիկացի մի­սի­ո­ներներու Պրուսայի նահանգի Նիկոմիդիոյ գաւառակի՝ Պարտիզակ աւանի Բիւթանիոյ բարձրագոյն վարժարանին մէջ։

1897/1899 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը, ապա պարտադիր ծառայութեան ուղարկուած՝ Եդեսիա եւ Հալէպ քաղաքները։ 1908 թուականին մեկնած է Փարիզ եւ Սան Լուիզի ու Նեկերի հիւանդանոցներուն մէջ մասնակցած է անուանի մաշկային բժիշկ-պրոֆէսոր՝ Գաուշերի դասընթացներուն։ Եղած է Թուրքիոյ առաջին մաշկային բժիշկ մասնագէտը։ Վերադառնալով Կ. Պոլիս՝ Պահչէ Գափու թաղամասին մէջ բացած է սեփական դարմանատուն։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Մոտայի ու Տաւուտ փաշայի զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։ Զինուորական հիւանդանոցին մէջ՝ հրեայ զինուորականի մը բուժելու ժամանակ, անկէ վարակուած է բծաւոր ժանտախտով (բծաւոր տիֆ)։ Մահացած է 1916 թուականի Մարտ 28/29-ին՝ ժանտախտէ (տիֆէ), Կ. Պոլսոյ Պալըքլըի յունական հիւանդանոցին մէջ՝ 41 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։