Խաչիկ Փիլիկեան, երաժշտական ուսումը կը սկսի ջութակով Լիբանանի ազգային երաժշտանոցին մէջ, սակայն տեսնելով որ մասնայատուկ պարիթոն ձայնով օժտուած էր, կը սկսի մարզել իր ձայնը։ Կը մեկնի Հռոմ, ուր ճարտարապետութիւն ուսանելով հանդերձ, կը հետեւի «Աքատէմի տը Ֆրանոյի» ձայնադրութեան դասերուն։ Երկու տարի ետք զգալով թէ կրնայ ինքզինք պատրաստել արուեստի մարդուն մէջ՝ վերջնականապէս կը լքէ ճարտարապետութիւնը։

Խաչիկ Փիլիկեանի համար կը սկսի լուրջ եւ ծանր աշխատանքի շրջան մը։ Կը հետեւի ձայնադրութեան գեղարուեստի աքատէմիին ու ձայնի թէքնիքի դասընթացքներու ծանօթ ուսուցիչներու ղեկավարութեան տակ։

1960-ին կ՛ելլէ շրջապտոյտի։ Կ՛երթայ Հայաստան, ուր ջերմ ընդունելութեան կ՛արժանանայ որպէս դասական օփերայի երգիչ։ Կը վերադառնայ Հռոմ եւ աւելի կը կատարելագործէ ինքզինք մեծահաամբաւ փրոֆէսորներու հսկողութեան տակ։

Կ՛երգէ բազմաթիւ օփերաներու մէջ արժանանալով առաջնութեան մրցանակին։

Երգահանդէս մը տուաւ Պէյրութի մէջ 24 Նոյեմբեր 1962-ին որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր Գ, Պէյրութ, էջ էջ 239։