Խոտաբուժում
Խոտաբուժում (անգլերէն՝ Herbal medicine, ֆիթոթերափի), բոյսերու օգնութեամբ բուժում[1]:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄարդկութիւնը հազարաւոր բոյսերէն դարերու ընթացքին ընտրած է դեղաբոյսեր, ապա այդ գիտութիւնը փոխանցած է սերունդէ սերունդ: Միայն Հիփոքրատը նկարագրած է շուրջ 250 դեղաբոյս: Համաշխարհային տուեալներով, ներկայիս ծանօթ դեղերու 40 առ հարիւրը ունի բուսական ծագում, իսկ սրտային դեղերու պարագային` մինչեւ 90 առ հարիւր: Իբրեւ բնական միջոցներ, բոյսերէն ստացուած դեղամիջոցները մարմինին մէջ անցանկալի երեւոյթներ հազիւ թէ յառաջացանեն: Դեղաբոյսերով բուժուելու նպատակով բոյսերը անհրաժեշտ է հաւաքել մաքուր վայրերէն, ճամբաներէն հեռու: Ամէն դեղաբոյս ունի իր հաւաքելու ժամանակը, ծաղկելէ առաջ կամ ծաղկած վիճակով: Արմատները կը հաւաքուին ուշ աշնան, կը չորցուին լաւապէս լուալէ ետք: Ըստ թիպեթեան բժշկութեան, բնութեան մէջ գտնուող բոլոր բոյսերն ալ պիտանի են, անհրաժեշտ է գտնել զանոնք, ճանչնալ եւ ճիշդ օգտագործել: Բուսաբուժումը յատկապէս խորհուրդ կը տրուի ձգձգուող հիւանդութիւններու համար: Սակայն նկատի պէտք է ունենալ, որ միեւնոյն բոյսը երկար օգտագործելով` մարմինը կը վարժուի անոր եւ ան այլեւս բաւարար եւ օգտակար ազդեցութիւն չ'ունենար: Դեղաբոյսերը կ'օգտագործուին փոշիի, թուրմի, թէյի եւ քսուկի ձեւով. կարեւորը անոնց ճիշդ չափերով պատրաստելն է, կամ լաւագոյն պարագային, կարելի է օգտուիլ անոնց պատրաստի դեղահատերէն:
Դեղաբոյսեր, որոնց դեղահատերը կարելի է գտնել դեղատուներու մէջ
ԽմբագրելԱլոէ (Aloe).- Զայն կ'անուանեն տնային դեղարան: Ալոէն սենեկային բոյսերուն մէջ բուժիչ յատկութիւններով օժտուած է: Կը պարունակէ 20 առ հարիւր եթերաիւղեր, 18 տեսակի ամինոթթուներ, խէժանման նիւթեր, միքրօ եւ մաքրօ էլեմաններ: Ըստ բոյսին տարիքին, կը փոխուին անոր բուժական յատկութիւնները: Օգտակար են երկու տարեկանէն վեր բոյսին տերեւները եւ կ'օգտագործուի կեղեւներու միջեւ գտնուող դոնդողը, իսկ կոշտ շերտը կարելի չէ օգտագործել: Ալոէն չեն կրնար օգտագործել յղի կիները եւ արեան գերճնշում ունեցողները: Պէտք չէ օգտագործուի նաեւ աղիքային արիւնահոսութեան եւ երիկամներու հիւանդութիւններու ընթացքին:
Ալոէի օգտագործում
Խմբագրել- Այրուածքներու, մակերեսային խոցերու եւ արեւահարութիւններու պարագային, դանակով կիսել եւ դնել վնասուած մասերուն վրայ. կը մեղմացնէ ցաւը եւ կ'արագացնէ բուժումը:
- Ճառագայթային հիւանդութիւններէ ետք, քաղցկեղային հիւանդութիւններու ատեն 100 կրամ ալոէն, 500 կրամ ընկոյզ եւ 300 կրամ մեղր, պարբերաբար խառնելով, պահել մութ եւ զով տեղ: Օգտագործել մէկ թէյի դգալ օրը 3 անգամ, ուտելէ կէս ժամ առաջ:
- Աւիթամինոզներու, դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար, օրական 3 անգամ ընդունիլ հետեւեալ խառնուրդը. մսաղացէ անցընել կէս քիլօ ալոէ եւ ընկոյզ, խառնել 1,5 գաւաթ մեղրի հետ, ընդունիլ մէկ ճաշի դգալ ճաշէն ետք: Ցաւոտ դաշտանի ընթացքին մէկ թէյի դգալ ալոէի հիւթը խառնել դանակի ծայրով սեւ պղպեղի հետ, խմել օրական 2 անգամ, 3 օրէն ոչ աւելի:
- Հարբուխի պարագային ալոէի թարմ հիւթը 1/10 յարաբերականութեամբ խառնել ջուրով, կաթեցնել 2-3 անգամ քիթին մէջ:
- Մորթի թարախային բորբոքումներու ատեն հաւասարապէս խառնել թարմ հիւթը եւ ձիթապտուղի ձէթը, շեշը թաթխել անոր մէջ, դնել բորբոքած մորթին վրայ եւ ձգել ամբողջ գիշերը:
Անանուխ.- Անոր վայրի տեսակը կը կոչուի դաղձ: Կ'օգտագործուի բոյսին տերեւները, որոնք կը հաւաքուին ծաղկման շրջանին: Անիկա հարուստ է եթերաիւղերով, որոնց քանակը ծաղիկներու մէջ կը կազմէ 4-6, իսկ տերեւներու մէջ 2-3 առ հարիւր: Իր պարունակած 40 առ հարիւր եթերաիւղերու շնորհիւ կը հանդարտեցնէ աղիքներու կծկումները, կը հանգստացնէ սրտխառնուքը, ունի մարսողութիւնը լաւացնող եւ լեղամուղ յատկութիւն: Կ'օգտագործուին չոր եւ թարմ համեմունքներու ձեւով` ճաշերու եւ աղցաններու պատրաստութեան ատեն: Անանուխին ծաղիկը եւ տերեւները լայն կիրարկութիւն ունին նաեւ թէյի ձեւով: Բժշկութեան մէջ դաղձը կ'օգտագործուի ամբողջութեամբ` ծաղիկը, տերեւները եւ արմատը:
Ուրց, ծոթրին.- Հարուստ է եթերաիւղերով եւ ֆլաւոնոյիտներով, ունի սուր, բայց հաճելի բոյր: Բուժման նպատակով կ'օգտագործուի անոր վերգետնեայ մասը, կը հաւաքուի ծաղկման շրջանին: Ուրցը, չոր վիճակով, իր յատկութիւնները կը պահպանէ մինչեւ երեք տարի: Դեռ հին ժամանակներէ զայն կ'օգտագործէին ձգձգուող, չոր հազի, թոքերու բորբոքումներու պարագաներուն: Ուրցը ունի ստամոքս-աղիքային աշխատանքը բարելաւող, հականեխիչ, աղիքներու կծկումը հանգստացնող, կազամուղ, արեան ճնշումը իջեցնող յատկութիւն: Չոր ուրցը աւելցնել եռացող ջուրին, քառորդ ժամ ետք օգտագործել ջրաթուրմի ձեւով: Չոր ուրցով կը համեմեն միսերը եւ աղցանները:
Կատուախոտ (Valeriane).- Բուժական նպատակով կ'օգտագործուի անոր կոճղարմատը, որ կը հաւաքուի վաղ գարնան կամ ուշ աշնան: Ժողովրդային բժշկութեան մէջ անիկա կ'օգտագործուի իբրեւ ջիղերը հանգստացնող, մարսողութիւնը լաւացնող, քունը կարգաւորող, սիրտի արագ զարկերը վերացնող միջոց: Ուղեղի արեան շրջանառութեան խանգարման եւ սրտային հիւանդութիւններու ատեն, պառկելէն առաջ 2-3 անգամ ներշնչել անոր ալքոհոլային լուծոյթը: Լայն կիրարկութիւն ունին անոր դեղահատերը, որոնք կարելի է ձեռք բերել դեղարաններու մէջ, valerian կամ normocalm անունով: Ծխախոտի մոլուցքէ ազատելու համար օգտագործել valerian-ի դեղահատերը:
Հազրեվարդ- խնկունի (Rosemary).- Մշտադալար, բազմամեայ բոյս է: Հարուստ է եթերաիւղերով, ունի հակակծկողական (antispasmodic) հանգստացնող ազդեցութիւն, կը հանդարտեցնէ հազը, կը խթանէ լեղապարկի աշխատանքը: Կարելի է զայն գործածել ինչպէս թուրմերու, այնպէս ալ դեղահատերու ձեւով:
Երիցուկ-պապունիճ (Cammomil).- Միամեայ բոյս է, բժշկութեան մէջ կ'օգտագործուին անոր ծաղիկները եւ տերեւները: Օգտակար է հաստ աղիքի, ստամոքսի բորբոքումներու, աղիքային կազերու ժամանակ: Ունի մանրէասպան յատկութիւն, կ'օգտագործուի ողողումներու եւ լուացումներու ձեւով` բորբոքումներու պարագաներուն:
Նուենի, տենդածառ (Eucalypus).- Սուր, երկար եւ բուրումնաւէտ այս ծառին տերեւները հարուստ ըլլալով եթերաիւղերով, ունին խորխաբեր, հականեխիչ յատկութիւն:
Նարդոս (Lavander).- Բազմամեայ բոյս է, որ պէտք է հաւաքել ծաղկման շրջանին: Պարունակած եթերաիւղերը անոր կու տան իւրայատուկ մեղմ բոյր մը, որ կ'օգնէ հանդարտեցնելու ջղային համակարգը: Ու նաեւ մանրէասպան յատկութիւն:
Սամիթ (Dill).– Միամեայ խոտաբոյս մըն է, որ կը պարունակէ եթերաիւղեր: Բժշկութեան մէջ կ'օգտագործուին արմատները, տերեւները եւ սերմերը: Անիկա օգտակար է մարսողական խանգարումներու, անքնութեան, տարբեր ծագումի խիթերու բուժման համար, ունի նաեւ ստամոքս-աղիքային պրկումը հեռացող միզամուղ եւ կազամուղ յատկութիւն: Կ'օգտագործուի իբրեւ թարմ եւ չոր համեմունք` ճաշերու եւ աղցաններու մէջ: Կը բարձրացնէ կաթնարտադրութիւնը:
Աղտոր (Sumac).- Բազմամեայ թուփ է, լուսասէր, հողի եւ ջուրի նկատմամբ` ոչ պահանջկոտ: Անոր տերեւները կը պարունակեն 25-35 առ հարիւր տապաղանիւթեր, որմէ 15 առ հարիւրը թանինն է: Բժշկութեան մէջ կ'օգտագործուին աղտորի` սումախի տերեւները եւ պտուղը, բուժելու համար սրտխառնուքը, փորհարութիւնը, միզամանի եւ լինտերու բորբոքումները: Աղտորի տերեւներու մզուածքը թրջոցներու ձեւով օգտակար է սննդախանգար խոցերու ու քոսի պարագային[2]:
Կանաչ Դեղարան
ԽմբագրելՀայաստանի Սոճուտ անտառը կը նկատուի կանաչ դեղարան, քանի որ ոչ միայն սոճիներու ծաղկափոշոտման ժամանակ, այլեւ բոլոր եղանակներուն նոյնպէս սոճին ունի օգտակար յատկութիւններ, որոնցմէ կ'օգտուին դեղաբոյսերու եւ բնական միջոցներու կողմնակիցներն ու ջատագովները: Սոճին բնամիջուկային ծառատեսակ մըն է: Բնափայտը, ներծծուելով խէժով, որ կպչուն հիւթ մըն է, կը դառնայ շատ ամուր եւ դիմացկուն սնկային հիւանդութիւններու նկատմամբ, որուն շնորհիւ իբրեւ բարձրորակ շինափայտ լայն կիրարկութիւն ունի տնտեսութեան տարբեր ասպարէզներու մէջ:
Բուժական նպատակով կը գործածուին նաեւ սոճիի չբացուած գարնանային բողբոջները, ասեղնատերեւները եւ խէժը: Անոնց մէջ առատ են եթերաիւղերը, օսլան, դաբաղիչ նիւթերը եւ այլ մածան իւղերը: Սոճիի դեղամիջոցները ունին միզամուղ, ցաւազերծող եւ հակաբորբոքիչ յատկութիւններ: Սոճիի բողբոջներու թուրմը կը գործածուի շնչառական ճամբաներու բորբոքումի, թոքատապի, ստամոքսի խոցի, երիկամային հիւանդութիւններու պարագային: Սոճենիի ասեղնատերեւներու թուրմը կազդուրիչ լոգանքներու համար փնտռուած միջոց մըն է: Այդ թուրմը կը գործածուի նաեւ այրուածքներու բուժման կամ մորթային ուրիշ բորբոքումներու համար քսուքներ պատրաստելու ժամանակ: Սոճիի բնամիջոցները սկսած են գործածել նաեւ ուռուցքներու պարագային: Բուժիչ յատկութիւններ ունին նաեւ Սոճուտի մէջ գտնուող միւս կոնազգի ծառերը: Կանաչ դեղարան կը նկատուին առհասարակ բոլոր անտառները, բայց անոնք միշտ պատշաճ խնամքի առարկայ չեն դառնար[3]։