Ծիածան (թերթ, Իսթանպուլ)
Ծիածան, հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1909-1910 թուականներուն՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Խմբագիր՝ Ա. Սուրէնեան։
Գործունէութիւն
ԽմբագրելԼուսաբանած է մասնաւորապէս հայ ազգային կեանքը։ Հայկական լուրեր, ազգային կեանք, ազգային լուրեր բաժիններուն մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդած է յատկապէս Թուրքիոյ հայերու քաղաքացիական դրութեան ու տնտեսական վիճակի մասին։ «Հայերը հանդէպ Ատանայի աղէտին» յօդուածաշարով արձագանգած է 1909 թուականի Ատանայի հայկական կոտորածներուն։ Լայն տեղ յատկացուցած է Թուրքիոյ քաղաքական եւ ներքին կեանքին [«Ժիոն թուրքերը (երիտթուրքերը) իրենց իսկական գոյնով», «Սահմանադրական ազատութեան վտանգները» եւ այլն]։ «Ծիածան»ն անդրադարձած է նաեւ կրթութեան հարցերուն։ Ունեցած է գրական բաժին։