Ծիածան (թերթ, Սան Ֆրանսիսքօ)

Ծիածան, լոյս տեսած է 1924-1925 թուականին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ՝ որպէս ամսաթերթ, 1926-1927 թուականին՝ Տիթրոյթի մէջ՝ շաբաթաթերթ։ Խմբագիր՝ Մ. Մ. Ծոցիկեան։ Կը տպագրէր նիւթեր հայկական գաղութներու կեանքէն, գրականագիտական, լեզուաբանական, բարոյագիտական եւ այլ յօդուածներ։ «Ուշագրաւ է յամառօտ տեղեկութիւն արեւմտահայ գրական դէմքերու մասին» մշտական բաժինը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։