Ծիրանի Գօտի
«Ծիրանի Գօտի», արուեստի եւ գրականութեան եռամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1957-1965 -ին, Պոսթընի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչներ՝ Հ. Աւետիսեան, Մ. Վանէցեան։ Սատարած է ամերիկահայ գաղութին մէջ մայրենի լեզուի, մշակոյթի ու սովորոյթներու պահպանման ուղղուած ջանքերուն, նպաստած սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման։ Տպագրած է գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, ճանապարհորդական նոթեր, անդրադարձած Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան, մշակութային կեանքի իրադարձութիւններուն։ Ունեցած է բացառիկ համարներ՝ նուիրուած հայ մեծանուն գրողներու։