Կանոններ Միտքը Ուղղորդելու Համար
Կանոններ Միտքը Ուղղորդելու Համար Ռընէ Տէքարթին գիրքերէն։ ՌՈԻԸ-ին (1628) Ռընէ Տէքարթը սկսաւ աշխատիլ թերաւարտ գիտական բնագրութեան մը վրայ, որ գիտական եւ իմաստասիրական (փիլիսոփայական) մտածողութեան պատշաճ եղանակի մասին էր ու կը կրէր հետեւեալ վերնագիրը՝ Կանոններ Միտքը Ուղղորդելու Համար (Լատիներէն՝ Regulae ad directionem ingenii): Այս աշխատութիւնը վերջապէս հրատարակուեցաւ 1701 թուականին, Տեքարթին մահանալէն ետք։[1] Այս բանագրութիւնը նախագծեց ուսողութեան, երկրաչափութեան, գիտութեան եւ իմաստասիրութեան (փիլիսոփայութիւն) բարդ խնդիրներուն հետ կապուած իր յետագայ աշխատութիւնները։[2] Կ'ենթադրուի, թէ այս գործը գրուած է մոտաւորապէս 10 տարուայ ընթացքին եւ այսպէս Տէքարթը փոխեց այս կանոններուն իր կիրառումը եւ սահմանումը: «Կանոններ Միտքը Ուղղորդելու Համար»-ը կը նկարագրուի որպէս ռահվիրայ եւ «սեւագրութեան տետր» իր միւս գործերուն եւ եղանակներուն (մեթոտներ)։[3]
Ի սկզբանէ Տէքարթը ընդհանուր առմամբ 36 կանոններ նախատեսած էր։
Ա-ԺԲ (1-12) կանոնները կը վերաբերին գիտութեան սահմանումին՝ գիտական եղանակին գլխաւոր գործողութիւններուն․ ներգիտակցութիւն (Անգլերէն՝ intuition), նուազեցում (Անգլերէն՝ Deduction), Թուում (Անգլերէն՝ Enumeration, երբեմն ալ թուարկութիւն) նաեւ այն ինչ որ Տեքարթը կը կոչէ «պարզ առաջադրութիւններ» կամ «պարզ ենթադրութիւններ», որոնք «մեր միտքը կու գան ինքնաբերաբար» եւ որոնք առարկաներ են ստոյգ եւ բացայայտ ճանաչումի կամ ներգիտակցութեան։
ԺԳ-ԻԴ (13-24) կանոնները կը վերաբերին այն բաներուն հետ, զորս Տեքարթը կ'անուանէ «լիովին հասկցուած խնդիրներ» (կամ «կատարելապէս հասկնալի խնդիրներ») կամ խնդիրներ, որոնց պարագային, խնդիրը լուծելուն հետ կապուած բոլոր պայմանները ճանչցուած են ու յայտնի եւ որոնք կը ծագին գլխաւորաբար թուաբանութեան (Անգլերէն՝ arithmetic) եւ երկրաչափութեան (Անգլերէն՝ geometry) մէջ։
ԻԵ-ԼԶ (25-36) կանոնները «անկատարօրէն հասկցուած խնդիրներ», կամ խնդիրներ որոնց պարագային, խնդիրը լուծելու հետ կապուած պայմաններէն մէկը կամ մէկէ աւելի պայմաններ անյայտ են ու ճանչցուած չեն, բայց պէտք է գտնուին։ Այս խնդիրները մեծ մասամբ կը ծագին բնական իմաստասիրութենէն (յունարէն՝ Φιλοσοφία της φύσης, Ֆիլիսոֆիա թիս ֆիսիս, երբեմն ալ կը կոչուի բնագիտութիւն) եւ բնազանցութենէն[2][4] (Անգլերէն՝ Metaphysics)։
Սակայն, այս գործը կանխահասօրէն կ'աւարտի ԺԱ (21) կանոնով։
Կանոնները
ԽմբագրելԿանոնին թիւը* | Կանոնը |
---|---|
Ա | Մեր ուսումնասիրութիւններու նպատակը պէտք է ըլլայ մեր մտքին ուղղութիւն տալը, որպէսզի անիկա կարենայ ձեւակերպել հաստատուն եւ ճշմարիտ դատողութիւններ որեւէ ծագող խնդիրներու հետ կապուած։[5][6] |
Բ | Մենք պէտք է զբաղինք միայն այն նիւթերով (առարկաներով), որոնք մեր մտաւոր ուժերը ատակ են աներկբայօրէն ու անտարակուսելիօրէն գիտնալ։[2][6] |
Գ | Ինչ կը վերաբերի որեւէ մէկ առարկայի (նիւթի) ուսումնասիրութեան, մենք պէտք է հարցնենք ոչ թէ այն ինչ որ ուրիշ մարդիկ սորվեցուցած են եւ կամ մենք կ՛ենթադրենք, այլ այն ինչ որ մենք կրնանք յստակօրէն ու յայտնապէս ընկալել ու եզրակացնել ներգիտակցութեամբ կամ աներկբայօրէն եզրակացնել։ Քանզի գիտութիւն եւ իմացութիւն ձեռք ձգելու ուրիշ ձեւ չկայ։[2][6][4] |
Դ | Ճշմարտութիւնը լուսաբանելու համար ուղեգիծի (մեթոտ) մը հարկը կայ:[6] |
Ե | Եղանակը (մեթոտ) ամբողջութեամբ կը բաղկանայ առարկաներու կարգումէն ու դասաւորութենէն, որոնց կողմը պէտք է մեր մտքերը ուղղենք, եթէ կ'ուզենք պարզել որեւէ մէկ ճշմարտութիւն կամ հասնիլ որեւէ ճշմարտութեան։[3][6][4] |
Զ | Աւելի պարզ բաները (առարկաները), բարդ բաներէն զատելու համար եւ այս մէկը կարգով ու կանոնաւորաբար իրագործելու համար, հարկաւոր է առարկաներու իւրաքանչիւր յաջորդութեան պարագային ուր մենք որոշ ճշմարտութիւններէ (փաստեր) կը յանգինք ուրիշ ճշմարտութիւններու, ճանչնալու համար, թէ ո՛ր մէկն է ամէնապարզը, եւ թէ ինչպէս մնացած բոլորը շատ թէ քիչ կամ հաւասարապէս կը հեռանան անկէ։[7][6][4] |
Է | Մեր գիտութիւնը կատարելագործելու համար (եթէ կ'ուզենք մեր գիտութիւնը լիակատար ըլլայ), պէտք է այն առարկաները (նիւթերը) որոնք նկատի առած ենք, եւ որոնք կը նպաստեն մեր նպատակին հասնելու համար, պէտք է մանրազնին քննութեան ենթարկել, մեր մտքի անխափան եւ տեւական շարժումով։ Անկէ ետք անոնք պէտք է ամփոփուին պատշաճ ու կանոնաւոր (մեթոտական) թուարկումի մը մէջ։[2][6][4] |
Ը | Եթէ քննութեան առարկայ հարցերու շարքին մէջ մենք հանդիպինք հարցի մը, որ մեր միտքը չի կրնար լիովին հասկնալ, պէտք է կանգ առնենք այդտեղ եւ ո՛չ թէ քննենք յաջորդն ու հետեւեալը։ Այսպիսով կը ձերբազատուինք աւելորդ աշխատանքէն։[6] |
Թ | Պէտք է մտքի ողջ ուժը ուղղուի դէպի ամէնէն աննշան եւ ամէնադիւրաւ իւրացուող ճշմարտութիւնները եւ երկար ժամանակ անցընել անոնց մասին խորհելու մէջ, մինչեւ որ վարժուինք ճշմարտութիւնը պարզ եւ յստակ տեսնել։[6] |
Ժ | Որպէսզի միտքը կարենայ սրամտութիւն (կամ իմաստութիւն) ձեռքբերել, անիկա պէտք է ի գործ դրուի գտնելու այն բաները, որոնք ուրիշները արդէն յայտնաբերած են (Անգլերէնէն թարգմանուած՝ անիկա պէտք է կիրարկուի հետապնդելու այն հարցումները, որոնց լուծումը արդէն գտած են ուրիշները)։ Այս մէկը պէտք է կանոնաւոր կարգով (մեթոտաբար) կատարուի, նոյնինսկ մարդոց ամէնաչնչին գիւտերը, թէեւ պէտք է նախընտրելի ըլլան անոնք, որոնց դասաւորումը լուսաբանուած է կամ ենթադրուած։[6] |
ԺԱ | Եթէ ներգիտակցութեան (կամ մտատեսութիւն, Անգլերէն՝ Intuition) միջոցով քանի մը պարզ ճշմարտութիւններ (կամ առաջարկներ) ճանչնալէ ետք կ'ուզենք անոնցմէ որեւէ եզրակացութիւն մը ընել, ապա օգտակար է զանոնք ենթարկել մտքի անխափան եւ շարունակական շարժումին, օգտակար է խորհիլ իրար հետ անոնց յարաբերութեանց մասին, եւ զանոնք ընդունիլ որպէս իրարմէ տարբեր։ Քանզի ասիկա է մեր գիտութիւնը աւելի հաւաստի, աւելի վստահելի դարձնելու ճանապարհը եւ միջոցն է միտքին ուժը մեծապէս լայնցնելու։[6] |
ԺԲ | Վերջապէս մենք պէտք է ծառայեցնենք հասկացողութեան (Անգլերէն՝ Understanding), երեւակայութեան, զգայութեան (Անգլերէն՝ Sense) եւ յիշողութեան ողջ օգուտը, նախ պարզ առաջարկութեանց պարզ բացորոշ մտատեսութիւն ունենալու նպատակով եւ նաեւ մասամբ, առաջարկները բաղդատելու համար։[2][6] |
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ "Rules for the Direction of the Mind | work by Descartes". Britannica. Retrieved 2022-03-26.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Dika, Tarek R. (2020), Zalta, Edward N. (ed.), "Descartes' Method", The Stanford Encyclopedia of Philosophy (Summer 2020 ed.), Metaphysics Research Lab, Stanford University, retrieved 2022-03-26
- ↑ 3,0 3,1 Palmer, Eric (1997). "Descartes' Rules and the Workings of the Mind". North American Kant Society: 269–282.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 Sepper, Dennis L. (2015), Nolan, Lawrence (ed.), "Rules for the Direction of the Mind", The Cambridge Descartes Lexicon, Cambridge: Cambridge University Press, pp. 661–663, ISBN 978-0-521-19352-8, retrieved 2022-04-04
- ↑ Merrylees, W.A. (1927-09-01). "Descartes' theory of knowledge". Australasian Journal of Psychology and Philosophy. 5 (3): 202–215. doi:10.1080/00048402708540861. ISSN 1832-8660.
- ↑ 6,00 6,01 6,02 6,03 6,04 6,05 6,06 6,07 6,08 6,09 6,10 6,11 "project". dt.pepperdine.edu. Retrieved 2022-04-04.
- ↑ René Descartes, , t. tome XI, Paris, Levrault, 1826 (lire sur Wikisource), « Règles pour la direction de l’esprit », p. 201-329․