Կապիկի Ծաղկախտ
Կապիկի Ծաղկախտը ժահրային կենդանախտային (zoonotic) հիւանդութիւն մըն է:
Անիկա առաջին անգամ կապիկներու մէջ ախտաճանաչուած է 1958-ին, երբ ծաղկախտի որոշ հետազօտութիւն կը կատարուէր անոնց մէջ:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԿապիկի ծաղկախտը մարդոց մօտ առաջին անգամ ախտաճանաչուած է 1970-ին, Քոնկոյի մէջ, ուր աշխատանք կը տարուէր ոչնչացնելու ծաղկախտը (Small pox): Հետագային նման ախտաճանաչում կատարուած է Ափրիկէի կեդրոնական եւ արեւելեան երկիրներու մէջ: Անիկա տեսնուած է նաեւ Ափրիկէէն դուրս շատ մը երկիրներու մէջ` ափրիկեան երկիրներէ դուրս ճամբորդողներու միջոցով եւ կամ այդ երկիրներէն ներածուած վարակուած կապիկներու եւ մուկերու միջոցով[1]:
2003-ին 47 պարագայ տեսնուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2018-ին երեք պարագաներ` Անգլիոյ մէջ եւ մէկ պարագայ` Իսրայէլի մէջ:
Կապիկի ծաղկախտի յարուցիչը ժահր մըն է, որ ծաղկախտի ժահրի մէկ տարբերակն է: Այս ժահրին պահեստանոցը (reservoir) նկատուած է կապիկը եւ ափրիկեան մուկը: Վարակուած մարդոց մեծ մասը կը բժշկուի քանի մը շաբթուան ընթացքին, սակայն երբեմն բարդութիւնները կրնան մահացու ըլլալ:
Ախտանշաններ
ԽմբագրելԿապիկի ծաղկախտի ախտանշանները կը նմանին ծաղկախտի ախտանշաններուն, սակայն անոր յատկանշական ախտանշանը աւշագեղձերու ծաւալումն է, որ ծաղկախտի պարագային տեղի չ'ունենար: Աւշագեղձերու ծաւալումը կը պատահի մարմինի զանազան բաժիններուն վրայ, յատկապէս` վիզի եւ աճուկի: Անոր թխսաւորումը (incuparion period) կը տեւէ 5-21 օր, այսինքն՝ ախտանշանները կը սկսին վարակումէն 5-21 օր ետք:
Վարակումէն ետք հիւանդութիւնը կ'ունենայ երկու փուլ: Առաջին փուլը կը սկսի ջերմով, գլխացաւով, մկանային ցաւով եւ յոգնածութեամբ: Երկրորդ փուլը կը սկսի ջերմի յայտնութենէն 3-5 օր ետք: Տեղի կ'ունենայ մորթային տարածուն ցան, որ յատկանշական է իր հեղուկային բշտիկներով: Այս բշտիկները կը թարախոտին, ապա կամաց-կամաց կը սպիանան ու կը չորնան: Բշտիկները կրնան ըլլալ քանի մը հատ եւ կամ հազարներով` մարմինի զանազան մասերուն վրայ: Անոնք կրնան տեսնուիլ բերնին եւ քիթին մէջ, ինչպէս նաեւ` սեռային արտաքին օրկաններուն վրայ:
Ծաղկախտի պատուաստ ստացողներ աւելի նուազ ուժգնութեամբ ախտանշաններ կ'ունենան, քան` պատուաստ չառնողները:
Ամբողջ հիւանդութիւնը կը տեւէ 2-4 շաբաթ: Կապիկի ծաղկախտը ծաղկախտէն աւելի մեղմ ընթացք կ'ունենայ, սակայն անիկա կրնայ մահացու դառնալ իր բարդութիւններուն իբրեւ հետեւանք:
Ախտաճանաչում
ԽմբագրելԿապիկի ծաղկախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի տեսնելով ծաւալած աւշագեղձերը եւ մորթային բշտիկներու հեղուկին յատուկ քննութեամբ, որմով կը փաստուի յարուցիչ ժահրին գոյութիւնը:
Բարդութիւններ
ԽմբագրելԱյս բարդութիւններէն են` թոքատապ, մորթային երկրորդական մանրէական բորբոքում, աչքի բորբոքում եւ ուղեղատապ:
Վարակում
ԽմբագրելՎարակումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ ձեւերով.
- Վարակուած կապիկին կամ մուկին լորձունքի մէջ գտնուող ժահրը առողջ մարդուն կը փոխանցուի, երբ անոնք խածնեն զայն եւ կամ վնասեն ճանկելով:
- Վարակուած մարդու մը շնչառական օդակաթիլները առողջ մարդուն մարմինէն ներս կը մտնեն անոր քիթի, բերանի եւ կամ աչքի խլնաթաղանթէն:
- Երբ առողջ անձ մը կը դպչի վարակուած անձին լորձունքին, խլնահեղուկին, մորթի վէրքերուն եւ անոր գործածած անկողինին ու բարձին:
- Երբ առողջ անձ մը սեռական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ: Սեռական յարաբերութեամբ վարակուած անհատին սեռական օրկաններու վրայ գտնուած վէրքերուն ժահրը կը ներխուժէ առողջ անձին սեռական օրկաններու խլնաթաղանթէն եւ կը յառաջացնէ վարակում:
- Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր նորածինը` ծննդաբերութեան ընթացքին իր հեշտոցին վրայ գտնուած վէրքերուն միջոցով:
- Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր սաղմը փառի միջոցով:
- Նորածին մը կրնայ վարակուիլ իր վարակուած մօրմէն` պարզապէս դպչելով մօրը ունեցած մորթային վէրքերուն:
- Երեխաները աւելի հակամէտ են վարակուելու այս հիւանդութեամբ:
- Վարակուած անհատը կրնայ վարակել առողջ անհատ մը` իր վարակումէն մինչեւ չորրորդ շաբթուան վերջը:
Դարմանում
ԽմբագրելԱյս հիւանդութիւնը յատուկ դարմանամիջոց չունի: Կարգ մը երկիրներու մէջ կը գործածուի ծաղկախտի պատուաստը: Վերջին տարիներուն պատրաստուած է ծաղկախտի դէմ նոր պատուաստ մը, որ Jynneos կը կոչուի եւ կը գործածուի իբրեւ դարմանամիջոց:
Բարդութիւնները կը դարմանուին յատուկ դեղերով եւ ըստ անոնց տարողութեան:
Կանխարգիլում
Խմբագրել- Չայցելել այն երկիրները, ուր այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի տեղաճարակայի-մնայուն (endemic) ձեւով,
- Հեռու մնալով կապիկներէ եւ մուկերէ,
- Չդպչելով կասկածելի կապիկներու եւ մուկերու,
- Չդպչելով կասկածելի եւ մանաւանդ վարակուած անձերու, եւ չգործածել անոնց անկողինը կամ բարձը,
- Վարակուած անձի մը հետ սեռական յարաբերութիւն չունենալով,
- Շատ լաւ եփելով միսը ուտելէ առաջ,
- Վարակուած անձին վէրքերուն դպչիլ միայն յատուկ ձեռնոցներ գործածելով[2]: