Կատուի օր (կատուներու օր), ոչ պաշտօնական տօն կատուներու պատուին, որ կը նշուի ամբողջ աշխարհին մէջ։ Այդ օրը մարդիկ կը մեծարեն այդ կենդանիներու արժանիքները, ցոյց կու տան իրենց յարգանքն ու սէրը:

Աղջիկ եւ կատուն

2002-էն ի վեր՝ կատուներու միջազգային օր ճանչցուած է 8 Օգոստոսը: Անոր նախաձեռնողը Կենդանիներու պաշտպանութեան միջազգային հիմնադրամն է[1]։ Որոշ երկիրներու մէջ կատուներու օրը կը նշուի այլ օրերուն:

Օրուան տօնակատարութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ Խմբագրել

Ռուսաստանի մէջ կատուներու օրը կը նշուի 1 Մարտին[2][3]։ Առաջին անգամ տօնը Ռուսաստանի մէջ կազմակերպուած է 2004-ին կատուներու մոսկովեան թանգարանի եւ «Կատու եւ շուն» (ռուս.՝ «Кот и пёс») ամսագրի եւ թերթի խմբագրութեան կողմէ:

ԱՄՆ-ի մէջ Կատուի օրը 29 Հոկտեմբերն է։ Ըստ Կատուի ազգային օրուան կայքի[4]՝ տօնը կը նշուի 2005-էն՝ կենդանիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի կանխարգիլման ամերիկեան ընկերութեան աջակցութեամբ[5][6]։

Ճափոնի մէջ Կատուի օրը կը նշուի 22 Փետրուարին։ Այդ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ճափոներէնին մէջ կատուի մլաւոցը կը հնչէ իբրեւ «նեան-նեան-նեան»։ «Նեանը» կրնայ նաեւ նշանակել «երկու», իսկ «երկու-երկու-երկու» բառաշարքը կարելի է գնահատել իբրեւ 22 Փետրուարի։ Այդ օրը Թոքիոյի մէջ տեղի կ՚ունենայ Կատուներու օրուան փառատօնը, ուր կատուները մրցանակներ կը շահին ամենաիւրայատուկ արարքի համար։ Տօնը տեղի կ՚ունենայ 1987-էն, երբ հարցման արդիւնքներու հիման վրայ ան առաջին անգամ կազմակերպեց Կատուներու օրուան գործադիր կոմիտէն՝ կերի արտադրութեան կազմակերպութեան հետ համատեղ[7]։

Լեհաստանի մէջ Կատուի օրը կը նշուի 17 Փետրուարին։ Տօնի մասնակիցները կը խաղան բրդեայ կծիկներով եւ օրուան աւարտին բոլորը կը յայտնուին գունաւոր թելերով փաթթուած վիճակով[8]։

Իտալիոյ մէջ 17 Նոյեմբերին կը տօնեն Սեւ Կատուի օրը (խուզարկութեան ժամանակ զանոնք կ՚ոչնչացնէին, քանի որ նման կատուներուն կը համարէին սատանայի օգնականներ)[8]։

Իւրաքանչիւր երեք տարին, մէկ Մայիսի երկրորդ Կիրակի օրը, Պելճիքայի Իբր քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ կատուներու շքերթ[8]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. International Cat Day 2014: Cat Lovers Worldwide Celebrate Feline Obsession, International Business Times, IBT Media Inc. (9 August 2014). Дата обращения 10 августа 2014.
  2. http://womanadvice.ru/
  3. 1 марта в России отмечают День кошек
  4. NationalCatDay.com
  5. Editors of Chase's Calendar of Events. Chase's Calendar of Events, 2011 Edition : The Ultimate Go-to Guide for Special Days, Weeks and Months: The Ultimate Go-to Guide for Special Days, Weeks and Months. — McGraw Hill Professional, 9 сентября 2010. — «NATIONAL CAT DAY. Oct 29. Every year approximately 4 million cats enter shelters—and 1–2 million are euthanized. Often cats are overlooked and under-appreciated because they don't usually have jobs like dogs. Yet cats still lower blood ...». — ISBN 978-0-07-174027-2.
  6. Visser, Nick. National Cat Day 2013: It's Time To Celebrate Our Feline Pals, Huffingtonpost.com (October 29, 2013). Дата обращения 29 октября 2013.
  7. «22 февраля»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-01-06-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-20 
  8. 8,0 8,1 8,2 Когда празднуется день кошек?