Կարմիր Վարդանի Ապստամբութիւն

Կարմիր Վարդանի Ապստամբութիւն, Պարսկական բռնապետութեան դէմ Արեւելեան Հայաստանի մէջ ապստամբութիւնը տեղի կ՚ունենայ 571-572-ականներուն, որուն մասին հայոց պատմիչներէն տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Սեբէոսը (Է. դար) եւ Ասողիկը (ԺԱ. դար): Պատմիչները ապըստամբութեան պատճառները կը համարեն հարկերու աննախընթաց ծանրացումը, հայ իշխաններու իրաւունքներու ոտնահարումը եւ կրօնափոխութեան հարկադրանքը:

Մասն է Հայ-պարսկական պատերազմներ?
Վայր Մարզպանական Հայաստան
Թուական 571-ից 572571-572-ին
Մասնակցող Հայեր, Վրացիներ, Աղուաններ, Սասանեան Պարսկաստան
Մահ 20 000 (հայեր), 15 000 Սասանեան Պարսկաստան

Պատմական տեղեկութիւններուն համաձայն, Խոսրով Նուշիրվանը արտակարգ լիազօրութիւններով Հայաստանի մարզպան կը նշանակէ Սուրէն Վշնասպը: Վերջինս գալով Հայաստան, առաջին հերթին կը ծանրացնէ ժողովուրդէն գանձուող հարկերը, կը հալածէ հայ իշխանները եւ վերջապէս զրադաշտականութիւնը Հայաստանի մէջ տարածելու համար կը ցանկայ կառուցել ատրուշաններ: Այդ ժամանակ հայկական զօրքերու հրամանատարն էր Վարդան Մամիկոնեանը, որ ի տարբերութիւն Ե. դարու Հայոց Սպարապետի, պատմութեան մէջ կը կոչուի Կարմիր Վարդան: Ան պարսկական արքունիքի նկատմամբ խոր դժգոհութիւն ունենալէն բացի, անձնական թշնամանք ունէր Սուրէն մարզպանի դէմ, որովհետեւ վերջինս սպանած էր իր եղբայրը՝ Մանուէլը:

Ժամանակի կաթողիկոսն էր Յովհաննէս Բ. Գաբեղենեցին: Ապստամբութեան կազմակերպման մէջ Սպարապետն ու Կաթողիկոսը ղեկավար դեր  կը կատարեն: Ապստամբները յատուկ պատգամաւորութիւն  կ՚ուղարկեն բիւզանդական Յուստինիանոս կայսեր մօտ՝ խնդրելով անոր զօրակցութիւնը: Ապստամբները օգնութիւն կը խնդրեն նաեւ բախտակից վրացիներէն ու աղուաններէն, որոնք կը խոստանան օգնել հայերուն: Հայաստանի մէջ ապստամբները կը սկսին կազմակերպել իրենց զօրամասերը՝ հասցնելով տասը հազար հոգիի: Վարդան Մամիկոնեանը եւ կաթողիկոսը կը պահանջեն դադրեցնել ատրուշաններու շինարարութիւնը եւ կարգաւորել ժողովուրդէն գանձուող հարկերը: Խոսրով թագաւոր զօրք կու տայ Սուրէն մարզպանին եւ կը կարգադրէ շտապ ճնշել ապստամբութիւնը[1]: Վերջինս 15 հազարնոց բանակով կը մտնէ Հայաստան եւ կը հասնի՝ Դուին[2]: Հայոց ապստամբական ուժերը 2 Փետրուար 572-ին կը յարձակին Դուինի մէջ գտնուող պարսկական զօրքերուն վրայ։ Պարսիկները խուճապի կը մատնուին, մեծ կորուստներ կու տան եւ կը դիմեն փախուստի: Կռիւի մէջ  կը սպանուի մարզպան Սուրէնը:

Խոսրով թագաւորը նոր բանակ  կ՚ուղարկէ Հայաստան՝ Միհրան Մեհեվանդակի գլխաւորութեամբ: Պարսկական զօրքերը այս անգամ նոյնպէս կը պարտուին եւ կը վտարուին Հայաստանէն:

Հայաստանը, Վրաստանն ու Աղուանքը առժամեայ կը թօթափեն պարսկական լուծը  եւ կ՚անցնին Բիւզանդիայի գերիշխանութեան տակ: Այդ պատճառով Բիւզանդիայի եւ Պարսկաստանի միջեւ կը բռնկուի նոր պատերազմ, որ որոշ ընդհատումներով կը տեւէ 20 տարի:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Կարմիր Վարդանի ապստամբութիւն - Gpedia, Your Encyclopedia»։ www.gpedia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-19-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-19 
  2. «571-572-ականներուն ապստամբութիւնը Դուինի մէջ»։ www.dasaran.am (ամհարերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-19-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-19