Կարմրաւոր Սուրբ Աստուածածնի Վանք
Կարմրաւորը, կամ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, կառուցուած է 7-րդ դարուն Գրիգոր եւ Մանաս քահանաներու կողմէ[1]: Կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքին մէջ, ան ընդգրկուած է Աշտարակի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելԱյս խաչաձեւ կեդրոնագմբեթ փոքր եկեղեցւոյ արտաքին չափերն են 5,9 x 7,4 մեթր։ Կարմրաւորը Հայաստանի միակ եկեղեցին է, որուն կարմիր կղմինտրէ տանիքը մինչեւ օրս պահպանուած է։ Ութանիստ թմբուկը պսակուած է կղմինտրածածկ կորագիծ վեղարով, որը նոյնանիւթ եւ նմանաձեւ տարրի պահպանուած հնագոյն օրինակն է։ Կարմրաւորը արտաքուստ եւ ներքուստ խաչաձեւ գմբեթաւոր եկեղեցի է։ Եկեղեցւոյ արտաքին պատերուն վրայ պահպանուած են արձանագրութիւններ, ուր նշուած է գիւղի այն բնակիչներուն մասին, որոնց միջոցներով կառուցուած է եկեղեցին:
Կարմրաւորի շուրջը կան շատ հետաքրքիր խաչքարեր, որոնցմէ ամենայայտնին է Ծակ-Քարը, որ իր անունը ստացած է պատուանդանի ծակի պատճառով (1268)։ Հին ժամանակ Կարմրաւորը եղած է կուսանաց վանք։ Այնտեղ մինչեւ այսօր պահուած են ուշադրութեան արժանի երկու հնութիւններ։ Առաջինը հնդկական նկարազարդ վարագոյր մըն է, որ բերուած էր 1798-1799 թուականներուն Կալկաթայէն, իսկ միւսը՝ Շուխոնց աւետարանն է: Ան ձեռագիր աւետարան է, որ 1873 թուակիանին նուիրուած է աշտարակցի Շուխեանց ընտանիքին կողմէն։
Եկեղեցւոյ փայտէ դուռը որ զարդարուած է փորագրութիւններով ու երգող հրեշտակներով՝ պատրաստուած է ազգային վարպետ Սարգիս Պողոսեանի կողմէն 1983 թուականին[2]: Կարմրաւորի կողքին՝ գողտրիկ անկիւն մը կը գտնուի նաեւ հայ մեծ բանաստեղծ Գէորգ Էմինի գերեզմանը[3]։
Անուան Ծագումը
ԽմբագրելԸստ աւանդութեան, Աշտարակի մէջ ապրող երեք քոյրեր կը սիրահարուին Սարգիս անունով երիտասարդի մը։ Աւագ երկու քոյրերը կ'որոշեն զոհաբերուիլ՝ կրտսերուն երջանկութիւն պարգեւելու համար եւ ծիրանագոյն ու կարմիր զգեստ հագնելով կը նետուին անդնդախոր ձորը։ Այս լուրը իմանալով, փոքր քոյրը սպիտակ զգեստ կը հագուի եւ նոյնպէս ինքզինք ձոր կը նետէ, իսկ Սարգիս վշտացած՝ կը դառնայ ճգնաւոր։ Հետագային ձորի եզրին երեք եկեղեցիներ կը յայտնուին՝ Կարմրաւորը, Ծիրանաւորը եւ Սպիտակաւորը: Սպիտակաւոր եկեղեցւոյ Սուրբ Մարիամ Աստվածածնայ որմնանկարի գլխանոցը սպիտակ է, իսկ Կարմրաւոր եւ Ծիրանաւոր եկեղեցիներունը՝ համապատասխանաբար կարմիր եւ ծիրանագոյն։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Կարմրաւոր Եկեղեցի»։ www.360greatarmenia.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-02-22-ին։ արտագրուած է՝ 2019-02-25
- ↑ «Artist Sarigs Poghosyan's E-Exhibition of works»։ www.sargis.me
- ↑ «17 Յուլիս, 2017»։ Hamazkayin։ 2017-07-19