Կարօ Թիւթիւնճեան

Կարօ Թիւթիւնճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ղեկավար դէմքերէն մէկն է։ Ծնած է 1943-ին, Հալէպ։

Կարօ Թիւթիւնճեան
Ծնած է 1943
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կարօ Թիւթիւնճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն կ՚անդամակցի 1956-ին։ Պէյրութ փոխադրուելէ ետք, 1966-1982, մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին, իբրեւ քարտուղար, ապա՝ ատենապետ։ 1983-ին կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ այնուհետեւ կը վերընտրուի երեք անգամ, մինչեւ 1999, 16 տարի ձեռնհասօրէն վարելով իր պաշտօնը։ 2003-ին, միութեան 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովին, չորս տարուան շրջանի մը համար ան դարձեալ կ՚ընտրուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, սակայն անակնկալ մահը՝ 16 Յունուար 2006-ին, պատճառ կը դառնայ որ ան չկարենայ ամբողջացնել իր պաշտօնավարութեան շրջանը։

Գրական գործունէութիւն

Խմբագրել

Կարօ Թիւթիւնճեան 1979-1980 եղած է գլխաւոր խմբագիրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի «Հայ Սկաուտ» թերթին։ Այնուհետեւ ան իր ներդրումը ունեցած է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրական եւ վարչական աշխատանքներուն։ Հրատարակած է երկու գիրք. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութիւնը» եւ «Հ.Մ.Ը.Մ. եւ ազգային դէմքեր»։

Շքանշաններ

Խմբագրել

Լիբանանի սկաուտութեան վերելքին իր ունեցած նպաստին համար, 2003-ին Կարօ Թիւթիւնճեան կը պարգեւատրուի Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ։ Յետմահու, ան կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։

Աղբյուրներ

Խմբագրել

Ազդակ օրաթերթ 2003