Կիլիկիոյ Բերդերը
Կիլիկիոյ բերդերը կը գտնուէին Հայկական Կիլիկիոյ տարածքին, բերդերուն մեծ մասը կառուցուած էր անոր սահմանամերձ գօտիին մէջ, Լեռնային Կիլիկիոյ կարեւոր անցքերուն մօտ, կամ դէպի Միջերկրական ծով հոսող գետերու նեղ հովիտներուն մէջ։
- Երկրի հիւսիս-արեւելեան շրջանը, Պիրամոս գետի աջակողմեան վտակներէն մէկուն վրայ կը գտնուէր՝ Կանչիբերդը, Զէյթունի ամէնէն նշանաւոր բերդը, որ յաճախակի յարձակումներու ենթարկուած էր սելճուքներու կողմէ։
- Կապան բերդը, կը գտնուէր Կանչիբերդէն դէպի հարաւ-արեւմուտք, անմատոյց վայրի մը մէջ եւ կը պաշտպանէր Կիլիկեան Տաւրոսի վրայ գտնուող նոյնանուն լեռնանցքը։
- Բերդուս եւ Մարաշ ամրացուած կէտերը կը գտնուէին Պիրամոս գետի ափին, Հայկական Կիլիկիոյ սահմանագլխուն, վերջինը միաժամանակ նշանաւոր քաղաք էր։
- Հռոմկլան Հայկական Կիլիկիոյ արեւելեան սահմանային գլխաւոր բերդն էր, կը գտնուէր Արեւմտեան Եփրատ գետի աջ ափին, եւ (ԺԲ.) դարուն դարձած էր Հայոց Կաթողիկոսին Աթոռանիստը[1]։
- Գերմանիկուպոլիսը Կալիկադնոս գետի վերնագաւառի, Իկոնիոյ Սուլթանութեան սահմանագլուխի կարեւոր բերդերէն էր։ Իսկ գետին ստորին հոսանքին շրջանը կը գտնուէր Սելեւկիան, որ ամրացուած նաւահանգիստ մըն էր, եւ սահմանային կէտ մը ներկայացնելով՝ Հեթումեաններու Թագաւորութեան շրջանին վերածուած էր անմատոյց բերդի։
- Կիդնոս գետի վրայ եւ անոր աջակողմեան վտակներու շրջանը կը գտնուէին՝ Գուգլակ, Լամբրոն եւ Պապեռոն նշանաւոր բերդերը։ Լամբրոնը նոյնանուն գաւառի կեդրոնն էր եւ Օշինեան Իշխաններու Աթոռանիստը, Պապերոնը դարձեալ Իշխանական Աթոռանիստ էր, Գուգլակը կը պաշտպանէր նոյնանուն լեռնանցքը։
- Սարոս գետի միջին հոսանքին, բարձրադիր ու գեղեցիկ վայրի մը մէջ կը գտնուէր՝ Վահկա բերդը, որ Ռուբինեաններու առաջին հենակէտը եւ քաղաքական առաջին կեդրոնն էր[2]։
- Վահկայէն դէպի արեւմուտք կը գտնուէր՝ Կիլիկեան Տաւրոսի ամէնէն նշանաւոր բերդերէն մէկը՝ Բարձրաբերդը, որ նոյնանուն գաւառի կեդրոնը կը ներկայացնէր։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հռոմկլա»։ anitour.am։ արտագրուած է՝ 2020-05-04
- ↑ «Հայկական Հանրագիտարան»։ www.encyclopedia.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-12-17-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-04