Կիւլպէնկ Կիւլպէնկեան

Կիւլպէնկ Գէորգ Կիւլպէնկեան (1888, Անգարա, Թուրքիա - 1916), հայ բժիշկ։

Կիւլպէնկ Կիւլպէնկեան
Ծնած է 1888
Ծննդավայր Անգարա, Թուրքիա
Մահացած է 1916
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կիւլպէնկ Կիւլպէնկեան ծնած է 1888 թուականին, Ան­գա­րայի նահանգի Կե­սա­րի­ոյ գաւառի Թալաս աւանին մէջ, հայ առաքելական ընտանիքէ ներս։ 1903 թուականին «պսա­կա­ւոր ար­ուես­տից» վկայականով աւարտած է Անատոլիա գոլէճը։ 1907 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։

1907-1913 թթ. բժշկութեամբ զբաղած է Թալաս քաղաքին մէջ։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։

1916 թուականին Կովկասեան (ռուսական) ռազմաճակատի վրայ սպաննուած է թուրք հազարապետի մը գնդակով։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ալպօյաճեան Արշակ, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Բ. հատոր, Գահիրէ, 1937։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 01-112012

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։