Կոմիտասի Յուշարձան (Փարիզ)
Կոմիտասի Յուշարձան, յուշարձան Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ՝ «Երեւան» պուրակը։
Պատմութիւն
Խմբագրել27 Յունուար 1978 թուականին Փարիզի հայ համայնքը՝ Էջմիածնի կաթողիկոսարանի Եւրոպայի պատուիրակ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի գլխաւորութեամբ դիմած էր Փարիզի քաղաքապետ Ժակ Շիրակին` հայ երգահան Կոմիտասին եւ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան ստեղծելու թոյլտուութեան խնդրանքով։ Յուշարձանի կառուցման աշխատանքները երկար տարիներ ձգձգուած են` չնայած որ սեպտեմբեր 15 1978 թուականին արդէն կար նամակի դրական արձագանքը։ Յունուար 17 1997 թուականին, երբ կաթողիկոս Գարեգին Առաջինը գտնուած էր Փարիզի մէջ, յուշարձանի կառուցման երկրորդ նամակն է կազմուած։ Յուշարձանի տեղադրման աշխատանքներն սկսան 2001 թուականին, երբ Ֆրանսան պաշտօնապէս ճանաչեց 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Յուշարձանի պաշտօնական բացումը եղած է 2003 թուականին։ Բացման արարողութեան ներկայ եղած են ՀՀ նախագահ Ռոպերդ Քոչարեանը, Ֆրանսայի նախագահ Ժակ Շիրակը, Ֆրանսայի ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Էտուարդ Նալպանտեանը, բազմաթիւ ֆրանսահայեր ու ֆրանսացիներ[1][2][3]
Հեղինակ
Խմբագրել- Քանդակագործ` Դաւիթ Երեւանցի
Տուեալներ
ԽմբագրելՅուշարձանը գտնուած է Ալբերի գետափի մօտ, Փարիզի հեղինակաւոր ութերորդ շրջանին մէջ, Ելիսեան պալատի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարութեան հարեւանութեամբ` «Երեւան» պուրակին մէջ։ Յուշարձանի բարձրութիւնը 6 մեդր է, 2 մեդր պատուանդանն է, արձանը՝ 4 մեդր, նիւթը՝ պրոնզ։ Յուշարձանի ետեւի մասը խաչքար է, իսկ վարդապետի ձեռքին՝ գիրք, միւս կողքին նոր կեանք խորհրդանշող երեխայի գլուխ է քանդակուած։ Յուշարձանի վրայ գրուած է.
Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ԵՒ 1915-ԻՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 1 500 000 ՀԱՅ ԶՈՀԵՐՈՒՆ։ |
«Երեւան» պուրակ
ԽմբագրելՄարտ 12 2009 թուականին Կոմիտասի արձանին հարող փոքր պուրակը վերանուանուած է «Երեւան»։ Պուրակի բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են ֆրանսահայ շանսոնէ Շարլ Ազնաւուրը, Էտվարդ Նալպանտեանը, հայկական ծագումով երգչուհի Էլէն Սեգարան եւ այլք[4]։