Կոյրերու Միջազգային Օր

Կոյրերու միջազգային օր, համաշխարհային ամսաթիւ, որ կոչուած է ուշադրութիւնը հրաւիրել այն մարդոց նկատմամբ, որոնք ընդմիշտ կորսնցուցած են իրենց տեսողութիւնը եւ կը գտնուին կեանքի դժուար իրավիճակի մէջ։ Օրը կը նշուի ամէն տարի 13 |Նոյեմբերին[1]։

Վալենդին Հաույի եւ անոր առաջին աշակերտ Ֆրանսուա տը Լէզիուերի յուշարձանը

Պատմութիւն

Խմբագրել

1784-ին Փարիզի մէջ յայտնի մանկավարժ Վալենդին Հաույը, առանց կառավարութեան եւ ոչ պետական բարեգործական կազմակերպութիւններու օգնութեան, բացառապէս միայն անձնական միջոցներով եւ իր սեփական տան մէջ բացաւ աշխարհի առաջին դպրոցը կոյր երեխաներուն համար «Աշխատաւոր կոյրերու արհեստանոց» անունով։ Արհեստանոցի առաջին աշակերտը դարձաւ եկեղեցւոյ գաւիթի մօտը գտնուած Ֆրանսուա տը Լէզիուէր անունով տղան։ Յետոյ դպրոց ընդունուեցան նաեւ Ֆրանսուայի տարեկից եւս տասնմէկ անապաստան երեխայ։ Մինչ այդ աշխարհի մէջ յայտնի չէր որեւէ ուսումնական հաստատութիւն կոյրերու համար։ Հաույը կոյրերուն ուսուցանելու համար կը կիրառէր իր մեթոդը՝ կոյրերու համար մտածուած «uncial» տառատեսակի միջոցով։

Չնայած նիւթական մեծ դժուարութիւններուն՝ Հաույը կրցաւ ստեղծել դպրոցին կից տպարան եւ այդտեղ հրատարակեց ուռուցիկ-գծային «uncial» տառատեսակով տպագրուած քանի մը գիրք կոյրերու համար։ Անոնք աշխարհի մէջ կոյրերու համար առաջին գիրքերն էին։ Այդ գիրքերով տեսողութիւն չունեցող մարդիկ կը սորվէին՝ մինչեւ Պրայլի վեցակէտ տառատեսակի ի յայտ գալը։

Վալենդին Հաույի գործունէութիւնը ուշադրութիւն գրաւեց նաեւ Ռուսական կայսրութեան արքունիքին մէջ։ Ռուսական կայսր Ալեքսանդր Ա.-ը 1803-ին Վալենդինին առաջարկութիւն ուղարկեց՝ այդ ժամանակ Ռուսաստանի մայրաքաղաք Սենթ Փեթերսպուրկի հիմնել ուսումնական հաստատութիւն տեսողութեան մասնակի կամ լրիւ կորուստ ունեցող մարդոց համար, որ մանկավարժը ընդունեց եւ 1806-ին ժամանեց Փեթերսպուրկ։ Հաույը գտաւ նուիրեալ ուսուցիչներ, եւ երբ դպրոցը պատրաստ էր բացուելու, Ռուսական կայսրութեան լուսաւորութեան նախարարութեան գրասենեակէն եկաւ պատասխան. «Ռուսաստանի մէջ կոյր երեխաներ չկան»։ Այդ ժամանակ Վալենդինը սկսաւ ինք փնտռել աշակերտներ, որ առանձնապէս դժուար չէր. անոնց մեծ մասին ան հանդիպեցաւ Սմոլնի անկելանոցի մօտակայքը։ Վալենդին Հաույը պատրաստ էր ոչ միայն սորվեցնել կոյր աշակերտներուն, այլեւ կերակրել երեխաներուն իր հաշուին։ Ալեքսանդր Ա.-ի հրաւիրից չորս տարի ետք՝ 1807-ին, կայսրը հաստատեց Սենթ Փեթերսպուրկի աշխատաւոր կոյրերու ուսումնարանի համար հաստիքը, կանոնադրութիւնը եւ պիւճէն։ Այս ամսաթիւը յետագային համարուեցաւ Ռուսաստանի մէջ կոյրերու համար առաջին ուսումնադաստիարակչական հաստատութեան հիմնադրումը։

Ծանոթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Այսօր կոյրերու միջազգային օրն է»։ www.7or.am։ արտագրուած է՝ 2019-10-20