Կոտօն Սպասելու Ատեն

Ուէյթինկ Ֆոր Կոտօ, յառաջապահական թատերակ մը, գրուած՝ 9 Հոկտեմբեր 1948-ի եւ 29 Յունուար 1949-ի մինչեւ[1], Սամուէլ Պեքեթի կողմէ, ֆրանսերէն: «Թիաթր տը Պապիլոն»-ի մէջ «Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ի առաջին ներկայացումը ֆրանսերէն իր սկզբնական բնագիրով` «Ան աթանտան Կոտօ», ներգրաւած է դժուարահաճ փարիզեցիներէ բաղկացած հանդիսատեսներ, որոնք կը փափաքէին տեսնել փորձառական թատրոնի նորագոյն յղացքը: Յետագային Պեքեթ անձամբ թարգմանած է այն նաեւ անգլերէն[2]:

Ուէյթինկ Ֆոր Կոտօ
En attendant Godot
Տեսակ Թատերակ
Երկիր Ֆրանսա
Կայք
Waiting for Godot Վիքիպահեստում

Ըստ Պեքեթի բարեկամ եւ պաշտօնական կենսագիր` Ճէյմս Նոլսընի, բաւարար աթոռ չէր մնացած թատերաղին առաջին բեմադրութեան ընթացքին: Նոյնիսկ չէին մտածած, թէ 1953Յունուար 5-ին սեղմ պիւտճէով բեմ բարձրացած այս թատերախաղին ներկայացումը պիտի նկատուէր արդի թատրոնի առանցքային պահերէն մէկը:

Թատերախաղը ներկայացուած է Սարայեւոյի մէջ, երբ քաղաքը շրջափակուած էր 1990-ական տարիներուն: Հարաւային Ափրիկէի մէջ անիկա կը նկատուէր ցեղային խտրականութեան քննադատութիւն մը: Երբ Քաթրինա մրրիկը հարուածեց Նիւ Օրլիընզը, անոր մէկ ներկայացումը դիմաւորուեցաւ իբրեւ քաղաքին վերականգնումի սպասումին խորհրդանիշը:

Իսկ Քալիֆորնիոյ Սան Քուենթին բանտին մէջ արգելափակեալներ 1950-ական թուականի վերջերու իրենց հռչակաւոր բեմադրութեան մէջ զայն ներկայացուցած են իբրեւ իրենց սեփական պատմութիւնը:

2013 թուականին, 60 տարի ետք, «Ուէյթինկ Ֆոր Կոտօ»ն Լոնտոնի արուեստի «Ուեսթ Էնտ» կեդրոնին մէջ շրջուն թատերախումբի մը ներկայացումներու ցանկին մաս կը կազմէ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ackerley and Gontarski 2006, p. 172.
  2. «Traffic of our stage: Why Waiting for Godot?»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-08-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-21